Հոկտեմբեր 5-ին, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք, Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, յայտարարեց, որ եթէ պիտի քննարկուի Ղարաբաղի յարակից տարածքներու վերադարձի հացը, ապա պէտք է միաժամանակ ընթանայ անոր կարգավիճակի անկեղծ քննարկումը:
«Մենք պէտք է հասկնանք, որ պէտք է բոլոր տարրերը քննարկել: Մենք չենք կրնար մէկ հարց ընտրել եւ զայն բովանդակութենէն դուրս քննարկել: Եթէ առկայ է Ղարաբաղին յարակից տարածքների վերադարձի վերաբերեալ քննարկում, ապա միաժամանակ անկեղծ քննարկում պէտք է ըլլայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի վերաբերեալ: Մենք պէտք է նաեւ խօսինք փախստականներու, ներքին տեղահանուածներու մասին: Մենք պէտք է խօսինք խաղաղապահ ուժերու մանտադի մասին»,- շեշտած է Ուորլիք` շարունակելով, որ այդ ամէնը հակամարտութեան համընդգրկուն կարգաւորման տարրեր են:
Ուորլիք, չէ բացառած, որ յառաջիկային կ’ըլլայ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպում:
«կը կարծեմ, յառաջիկային նախագահները առիթ կ’ունենան հանդիպելու: Հանդիպման ճշգրիտ օր չկայ, բայց ցանկացած պահուն, երբ նախագահները պատրաստ ըլլան, կը կազմակերպեն»ՙ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Երեւանի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ` Իկոր Պոպովին, Ճէյմս Ուորլիքին, Փիեռ Անտրիոյին եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպշիկին:
Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան փոխանցմամբ, հանդիպման ընթացքին անդրադարձած եղած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ կարգաւորման առնչուող շարք մը հարցերու:
Այս առումով, Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճան արդէն մի քանի ամիս է, որ կը մերժէ իրականացնել Վիեննայի եւ Սան-Փեթերպուրկի գագաթաժողովներուն` նախագահներու մակարդակով ձեռք ձգուած պայմանաւորուածութիւնները, անով իսկ խոչընդոտելով բանակցային գործընթացը յառաջ մղելու պայմաններու ստեղծումը:
Նալբանտեան շեշտած է, որ հակառակ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու բազմաթիւ կոչերուն` զերծ մնալու առաւելապաշտական եւ սադրիչ հռետորաբանութենէն եւ գործողութիւններէն, Պաքու կը շարունակէ այդ գործելաոճը, որուն թարմ ապացոյցն էր վերջին օրերուն բանակցային գործընթացի էութիւնը եւ ոգին խեղաթիւրող Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէն հնչող յայտարարութիւնները, որոնք միանշանակ վնասակար են բանակցային գործընթացի համար: