Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Հարցում – Ռուսերու Մեծ Մասը Դեռ Բացասաբար Տրամադրուած են Թուրքիոյ Հանդէպ

Հարցում – Ռուսերու Մեծ Մասը Դեռ Բացասաբար Տրամադրուած են Թուրքիոյ Հանդէպ

by MassisPost

Չնայած ռուս-թրքական յարաբերութիւններու` վերջին ամիսներուն նկատուող զգալի ջերմացման, ռուսերու մեծամասնութիւնը կը շարունակէ Թուրքիոյ հանդէպ բացասական վերաբերմունք պահպանել: Այս կը վկայեն Մոսկուա գործող «Լեւադա» ընկերաբանական ծառայութեան հերթական հետազօտութեան երէկ հրապարակուած արդիւնքները:

Անոնց համաձայն՝ ռուսերու 53 տոկոսը բացասաբար կամ շատ բացասաբար տրամադրուած է Թուրքիոյ հանդէպ: Ռուսերու 28 տոկոսը, հակառակը, նշեց, որ Թուրքիոյ հանդէպ դրական կը վերաբերի: Ռուսերու 3 տոկոսի վերաբերմունքն ալ Թուրքիոյ նկատմամբ «շատ դրական է», կ′արձանագրեն «Լեւադա»-ի մասնագէտները:

Հարկ է նկատել, որ ռուսերու շրջանակէն ներս Թուրքիոյ նկատմամբ բացասական վերաբերմունքը զանգուածային բնոյթ ստացաւ անցեալ տարուան նոյեմբերին թուրք-սուրիական սահմանին ռուսական ռազմական ինքնաթիռի կործանումէն յետոյ: Մինչայդ «Լեւադա» կեդրոնի մասնագէտները միայն մէկ անգամ` 2003 թուականի յուլիսին փորձած էին պարզել Ռուսաստանի բնակիչներու վերաբերմունքը Թուրքիոյ հանդէպ` բաւական լաւատեսական պատկեր արձանագրելով: 13 տարի առաջ տեղի ունեցած հետազօտութեան համաձայն, ռուսերու ճնշող մեծամասնութիւնը` 75 տոկոսը, Թուրքիոյ հանդէպ միանշանակ դրական վերաբերմունք ունէր:

Հայաստանին սահմանակից այլ պետութեան` Վրաստանի հանդէպ Ռուսաստանի բնակիչներու դիրքորոշումը այսօր քիչ մը աւելի դրական է, քան Թուրքիոյ նկատմամբ: Երէկ հրապարակուած հարցման արդիւնքներու համաձայն՝ ռուսերու մօտ 40 տոկոսը Վրաստանի հանդէպ դրական կամ շատ դրական մօտեցում ունի: Հարցուած ռուսերու 42 տոկոսի վերաբերմունքն ալ Վրաստանի նկատմամբ տրամագիծօրէն հակառակն է:

«Արձանագրենք, սակայն, որ Վրաստանի հանդէպ բացասական վերաբերմունքի գագաթնակէտը` 75 տոկոս, արձանագրուեց 2008-ի սեպտեմբերին` Հարաւային Օսիայում ծաւալուած ռազմական գործողութիւններից մի քանի շաբաթ անց»,- կը նշեն «Լեւադա» կեդրոնի մասնագէտները` արձանագրելով, որ հետագայ տարիներուն Վրաստանի հանդէպ վերաբերմունքը Ռուսաստանի բնակիչներու շրջանակին մէջ դանդաղօրէն դէպի դրականն կը փոխուի: «Օգոստոսեան պատերազմին յաջորդած տարիներին, սակայն, այդ ցուցանիշը երբեք չհասաւ 2001 թուականի աշնան թուերին, երբ Վրաստանին դրական էր վերաբերուում հարցուած ռուսաստանցիների գրեթէ 50 տոկոսը»,- կը նշեն մոսկուացի ընկերաբանները:

Իսկ առաջատարը ռուսերու շրջանակէն ներս բացասական վերաբերմունքի առումով կը շարունակեն մնալ ամերիկացիները: «Լեւադա» կեդրոնի վերջին հարցման համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ բացասական վերաբերմունք ունի Ռուսաստանի բնակիչներու 64 տոկոսը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment