Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայ-Ամերիկեան Սուրբ Ծնունդի Հիմնադրամի 2016ի Տարեկան 17րդ Թելեթոնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ

Հայ-Ամերիկեան Սուրբ Ծնունդի Հիմնադրամի 2016ի Տարեկան 17րդ Թելեթոնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ

by MassisPost

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ

Մարդասիրական, ազգօգուտ, վեհ ու ազնիւ նպատակի իրագործման յարատեւօրէն նուիրուիլն ու յաջող, յաղթական արդիւնքներու հասնիլը՝ կեանքի ամէնէն էական յատկանիշներէն, ամէնէն դրուատելի առաքինութիւններէն մէկն է: Այս ճշմարտութեան ապացուցման լաւագոյն օրինակներէն մէկն է Յովհաննէս Բալայեանի կողմէ հիմնուած եւ հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններու՝ 17 տարիներէ ի վեր անխափանօրէն, հաւատքով, սիրով, յարատեւ կերպով շարունակուող ու Հայաստանի մեր ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ երեխաներուն ի նպաստ ամէնօրեայ հանգստաւէտ կեանքի պայմաններու ստեղծման սատարող Հայ-ամերիկեան որբերու Սուրբ Ծնունդի հիմնադրամը: Այս հաստատումին լաւագոյն գրաւականն է անցեալ տասնվեց տարիներուն ընթացքին հիմնադրամին կատարած կառուցողական թէ վերանորոգման աշխատանքները՝ Հայաստանի քաղաքներէն ու գիւղերէն Դալարիկի եւ Խարբերդի գիշերօթիկ դպրոցներու, Տաւուշի շրջանի Պառաւաքար դպրոցի, Սպիտակի թիւ 1 դպրոցի, կոյրերու դպրոցի, Գիւմրիի Եօթ-Հրեշտակաց մանկամսուրի (ի յիշատակ Աւետիսեան ընտանիքի զոհուած եօթը անդամներուն), այս տարի Լապտերիկ մանկամսուր-դպրոցի եւ շուտով նաեւ երկու այլ դպրոցներու, նաեւ՝ զանոնք ելեկտրական եւ կազի նոր յարմարութիւններով ու սարքերով օժտելը, ներքին պատերու ներկը, նոր սալիկներու զետեղումը, ցանկապատերու վերանորոգումը, հարիւրաւոր նոր մահճակալներու-անկողիններու ապահովումը, եւ այլն:

kachnazar2016_60Այս բոլորին կ՛աւելնան 17 տարիներու ընթացքին Ս. Ծնունդի առթիւ հազարաւոր նուէրներու, խաղալիքներու բաշխումը՝ հայրենի մինուճար երեխաները ուրախացնելու համար: Յօգուտ հայրենի մեր երեխաներուն կատարուած մէն մի օգնութիւն, մէն մի զոհողութիւն, մէն մի աշխատանք՝ հայ ժողովուրդին ապահով, կայուն եւ հզօր ապագայի կերտման համար առնուած անյետաձգելի, իմաստուն քայլ մըն է:

Արդ, վերոյիշեալ բոլոր հաստատումները կատարեցինք շեշտելու համար Յովհաննէս Բալայեանի առաջնորդութեամբ Հայ-ամերիկեան որբերու Սուրբ Ծնունդի հիմնադրամին կատարած շնորհակալ եւ երախտարժան աշխատանքները՝ 17 տարիներէ ի վեր, նպատակաուղղուած հայրենի դժբախտ երեխաներու կեանքի բարելաւման:

Այդ աշխատանքներէն վերջինն էր Կիրակի, Սեպտեմբեր 25, 2016ի յետմիջօրէին, ժամը 3էն մինչեւ գիշերուան ժամը 12՝ 9 ժամ տեւած 17ամեակի թելեթոնը, որ հեռասփռուեցաւ «Charter Spectrum՛s AABC» (344), «HighVision» (381), «INT» (387), «USArmenia» (386) եւ «Best TV» (387) կայաններէն: Թելեթոնին ընդհանուր հասոյթը կազմեց շուրջ 200,000 տոլար:

Նշենք նաեւ, որ Ara՛s Catering, Raffi՛s Place եւ Pizza Man հաստատութիւնները ձրիաբար համեղ պատառիկներ, խորտիկներ, աղանդեր եւ փիցաներ մատակարարեցին թելեթոնի կամաւորներուն ու այցելուներուն:

kachnazar2016_257Հայ-ամերիկեան Սուրբ Ծնունդի հիմնադրամի՝ Հայաստանի ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ երեխաներու մանկատուներու վերանորոգութեան 17րդ թելեթոնի բացման աղօթքը կատարեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան: Իսկ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի պատգամն ու օրհնութիւնները փոխանցեց Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան: Ապա, Գիւմրիէն հասած տեսահոլովակով մը իրենց շնորհակալութիւնները յայտնեցին քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան, Եօթ-Հրեշտակաց դպրոցի ու մանկամսուրի տնօրէնուհին, ուսուցչուհիները, իսկ արտասանութիւններով ու երգերով հանդէս եկան մեր մինուճար երեխաները։

Ինչպէս նախորդ թելեթոններուն, այս տարի եւս հարցազրոյցները կատարեցին մեր համայնքին մէջ երկար տարիներու իրենց բեմական, պատկերասփիւռային եւ միութենական վաստակով ճանչցուած շնորհաշատ դէմքեր Նունէ Աւետիսեան, Արուսեակ Գէորգեան, Դերենիկ Եափուճեան, Արտաշէս Ամիրեան, Յովիկ Գաբիկեան, Թոմիկ Ալեքսանեան, Լուիզա Մարտիրոսեան Ճիլ եւ Սոնիա: Անոնք 17րդ թելեթոնի սկիզբէն մինչեւ վերջ, թէ՛ հարցազրոյցներ ունեցան «ARTN Shant»ի սթիւտիօն այցելող հայ ու ամերիկացի պաշտօնական հիւրերու հետ, թէ՛ ծրագիրի ամբողջ տեւողութեան ժողովուրդը հրաւիրեցին ու քաջալերեցին, որ մասնակցի հայրենի երեխաներու բարօրութիւն, կենսառողջ միջավայր, բնական եւ հաճելի կեանք պարգեւելու նպատակով կազմակերպուած այս թելեթոնին:

Խօսելով հաղորդավարներուն մասին՝ հարկ է յատուկ կերպով յիշել նաեւ Խաչիկ Աղազարեանը, որ իր լուսանկարչական գործիքի անդադրում «քլիք»ներով աշխուժօրէն որսաց եւ հարիւրաւոր լուսանկարներով պատմութեան յանձնեց պետական թէ ներազգային դէմքերու հետ կատարուող հարցազրոյցներն ու սթիւտիոյէն ներս հեռախօսներու պատասխանող, նուիրատուներու խոստումները արձանագրող կամաւորներու 9 ժամուան աշխատանքը: Այդ կամաւորներն էին՝ Վարդան, Մայք, Էլէնա, Վահէ, Վահան, Զառա, Քրիստինէ, Սօսի, Մարք, Ծաղիկ, Ադրինէ, Ռուբինա, Սուսաննա ու Սուսաննա, Զոռա, Սոֆիա, Վիլիկ, Թամարա, Թինա, Արման, Վանուհի, Սոնա, Տաթեւիկ, Թամ, Լուիզ եւ հայր ու որդի Սագօ եւ Մեսրոպ Թօփալեաններ:

kachnazar2016_439Ինչպէս անցեալ 16 թելեթոններուն, 17րդ թելեթոնին եւս մասնակցեցան պետական, պատկերասփիւռային թէ միութենական դէմքեր ինչպէս՝ Լոս Անճելըսի վերակացու Մայք Անթոնովիչ, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Փօլա Տիվայն, Վարդան Կարապետեան եւ կինը՝ Արմինա Կարապետեան, Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար եւ նահանգային խորհրդարանի թեկնածու Արտի Քասախեան, «ARTN Shant» հեռատեսիլի տէր եւ տնօրէն Ռոբերտ Օխլախճեան, «Համայնապատկեր»ի հրատարակիչ-խմբագիր Սարօ Գէօդակեան, իրաւաբան Արութին Յարութիւնեան, տոքթ. Վահան Ալադադեան, Connect To-ի եւ Sadaf-ի ներկայացուցիչները, Արմինէ Ասլանեան, Ճենի, այս տողերը գրողս եւ, ի հարկէ, Յովհաննէս Բալայեան, որ 17րդ թելեթոնի կազմակերպիչի, «Քաջ Նազար» կիրակնօրեայ հեռուստաժամի վարիչի եւ Հայ-ամերիկեան Սուրբ Ծնունդի հիմնադրամի նախագահի հանգամանքով՝ բազմաթիւ անգամներ իր թելադրանքները, գնահատանքներն ու շնորհակալութիւնները ուղղեց մեծ թէ փոքր նուէրներով թելեթոնը քաջալերող բարերարներուն եւ ժողովուրդին: Ան իր խորազգաց շնորհակալութիւնները յայտնեց նաեւ Հայ-ամերիկեան ծնողազուրկ երեխաների ֆոնդի գործադիր մարմինի անդամներուն, «որոնք սրտաբուխ իրենց ժամանակը նուիրում են ֆոնդի բոլոր աշխատանքներին: Ֆոնդը այսօր իր կազմի մէջ ներառել է 100ից աւելի ազգայիններ, որոնք տարեկան իրենց շօշափելի նուիրատուութիւններով թիկունք եւ սատար են կանգնում ֆոնդին եւ ինչու չէ նաեւ իրենց խորհուրդներով օգտակար են լինում: Խոնարհաբար շնորհակալութիւն այդ անձանց», ըսաւ ան։

kachnazar2016_240Ապա, Բալայեան ջերմ խօսքերով յատուկ շնորհակալութիւններ յայտնեց նաեւ «Գոհար» երգչախումբ-սիմֆոնիք նուագախումբին, որուն Լիբանանի, Արժանթինի եւ Հալէպի ելոյթները բովանդակող տեսահոլովակները, թելեթոնի սկիզբէն մինչեւ վերջ, հեռուստացոյցի պաստառին վրայ հնչեցուցին նուագախմբային, երգչախմբային եւ անհատական երաժշտական թէ պարային հարուստ ու հոգեպարար բովանդակութեամբ գեղարուեստական կատարումներ: Բալայեան, բարձրօրէն գնահատեց լիբանանահայ Խաչատուրեան ընտանիքի մայրը՝ տիկին Գոհարը, անոր զաւակները՝ Յարութը, Շահէն եւ Նարը, ինչպէս նաեւ անոնց հայրենանուէր, ազգօգուտ եւ աստուածահաճոյ այս գործունէութիւնը՝ նշելով անոնց կողմէ կառուցուած եւ Գիւմրիի մէջ գործող երաժշտական կեդրոնը, որուն շնորհիւ 250-300 ընտանիքներ իրենց ապրուստը կ՛ապահովեն:

Կիրակի, 25 Սեպտեմբերի կէս գիշերին, ընդհանուր խանդավառութեան մէջ իր աւարտին հասած 17րդ թելեթոնը՝ թէ՛ նիւթապէս, թէ՛ բարոյապէս յաջող ու յաղթական իր արդիւնքներով, գնաց իր յիշարժան ու պատուաբեր տեղը գրաւելու Հայ-ամերիկեան Սուրբ Ծնունդի հիմնադրամի գործունէութեանց տարեգրութեան մէջ:

Վարձքը կատար բոլորին:

Կը խնդրուի տուրքէ զերծ ձեր նուէրները ուղարկել ստորեւ նշուած հասցէին.

Armenian Americans Christmas Fund, Inc.
P.O.Box 250038, Glendale, CA 91225

կամ՝

AAOCF, Inc. Executive Office
626 W. Colorado St., Glendale, CA 91204

Non-Profit Organization
Direct Deposit: Any Wells Fargo Bank
Acc. #1736835495

Tel. 818-246-0125, 818-239-6880, 818-292-9619
E-mail:[email protected]
www.forourkids99.com

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment