Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վիգէն Սարգսեանը՝ Պաշտպանութեան Նախարարը Պէտք է Լինի Քաղաքական Պաշտօնեայ

Վիգէն Սարգսեանը՝ Պաշտպանութեան Նախարարը Պէտք է Լինի Քաղաքական Պաշտօնեայ

by MassisPost

«Երեւանէքսբօ» ցուցահանդէսային համալիրին մէջ այսօր բացուեցաւ  Սպառազինութիւններու եւ պաշտպանական արուեստագիտութիւններու «ArmHiTec-2016» առաջին միջազգային ցուցահանդէսը, որուն նպատակն է՝ ներկայացնել Հայաստանի եւ այլ պետութիւններու նորագոյն ռազմական չափագիտութիւնները, ռազմարդիւնաբերութեան նորարարական մշակումները:

Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման ներկայ էին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը, ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիկոլայ Բորդիւժան:

Լրագրողները ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանին հարցեր ուղղեցին՝ կապուած նաեւ նախարարի պաշտօնին իր նշանակման, ինչպէս նաեւ իր հասցէին հնչող այն քննադատութիւններուն, թէ նոյնիսկ բանակ չէ ծառայած, չունի զինուորական կրթութիւն:

armhitech

«Կարծում եմ՝ նրանք, ովքեր ծանօթ են ՀՀ Սահմանադրութեանը, գիտեն, որ Պաշտպանութեան նախարարութեան հիմնական գործառոյթը քաղաքացիական վերահսկողութիւնն է ԶՈՒ նկատմամբ, եւ կապն է ԶՈՒ-ի՝ պետութեան մնացած բոլոր կառոյցների հետ, որոնք պէտք է մոբիլիզացուեն ռազմական գործողութիւնների պարագայում: Կարծում եմ՝ Պաշտպանութեան նախարարութեան գործառոյթը հենց դրա մէջ է, սկզբունքօրէն պաշտպանութեան նախարարը պէտք է լինի քաղաքական պաշտօնեայ, այլ ոչ թէ զինուորական»,- ըսաւ ան:

Հարցին, թէ ի՞նչ փոփոխութիւններ պէտք է ակնկալել պաշտպանական գերատեսչութեան մէջ, քանի որ ապրիլեան պատերազմէն յետոյ շատ քննադատուած է 80-ականներու զէնքերով կռուիլը, Վիգէն Սարգսեանը պատասխանեց.

«Յառաջիկայ օրերին, երբ Կառավարութիւնն իր ծրագիրը ներկայացնի ԱԺ-ում, յստակ ամրագրուած կը լինեն պաշտպանութեան ոլորտում այս կառավարութեան հիմնական նպատակն ու ուղղութիւնները: Ես դրանց մասին առիթ ունեցել եմ խօսելու, խօսքը վերաբերում է ազգ-բանակ գաղափարախօսութեանը, կոնցեպցիային, բայց դա չի նշանակում հասարակութեան զինուորականացում, այլ նշանակում է, որ պետութեան բոլոր կառոյցները մշտապէս պէտք է ժամանակի մի մասը յատկացնեն երկրի պաշտպանութեան խնդիրներում իրենց ներդրումն ունենալուն»:

Վիգէն Սարգսեանը ՊՆ նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի չվերանշանակուիլը չի կապէր ապրիլեան քառօրեայ ռազմական գործողութիւններու հետ.-

«Կարծում եմ՝ հանրապետութեան նախագահը, գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը Պաշտպանութեան նախարարութիւնում շատ յստակ ներկայացրեց փոփոխութեան հիմնաւորումը եւ այն գաղափարախօսութիւնը, որ դրուած է պաշտպանութեան քաղաքացիական նախարար նշանակելու հիմքում»:

Լրագրողներու հարցին՝ հնարաւո՞ր է, որ պաշտօնաթող ըլլան հանրութեան կողմէ քննադատելի բարձրաստիճան զինուորականները,  գեներալները, Վիգէն Սարգսեանը պատասխանեց.

«Բանակում չարաշահումների վերացումն ազգ-բանակի կառուցման կարեւոր բաղադրիչներից մէկն է, որովհետեւ դրա հետ է կապուած վստահութիւնը դէպի Զինուած ուժեր»:

Լրագրողներէն մէկուն դիտարկման, թէ  Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը յայտարարութեամբ հանդէս եկած է՝ ըսելով, որ աւելի զօրեղ հարուած պիտի հասցնեն, Վիգէն Սարգսեանը պատասխանեց.

«Իսկ ի՞նչ կարելի է ակնկալել մի պետութիւնից, որը միշտ յայտարարում է այն մասին, որ փորձելու է խնդիրը լուծել ռազմական ճանապարհով: Իհարկէ, իրենք շատ անհանգստացած են եւ  Իսկանդերներով, եւ այն ամէնով, ինչը տեսանք սեպտեմբերի 21-ի զօրահանդէսի ժամանակ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment