Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դրական Տեղաշարժեր

Դրական Տեղաշարժեր

by MassisPost

Միշտ  չէ որ  մեր սիւնակներով առիթը կ’ունենանք արտայայտուելու Հայաստանի մէջ իրականացուող  դրական երեւոյթներու մասին: Այս կ’ըսենք դժբախտաբար, նկատի առնելով այն իրողութիւնը, որ  վերջին քսան տարիներուն,  իշխանութիւններու կողմէ առնուած գրեթէ բոլոր քայլերը զուրկ եղած են երկրի յառաջխաղացման ու ժողովուրդի բարօրութեան ձգտող  նպատակներէն:

Ճիշդ ամիս մը առաջ հրաժարական պարտադրուեցաւ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած կառավարութեան, որ շատ մը քաղաքական  մեկնաբաններու կողմէ արժանացած էր «օլիկարխներու կառավարութիւն» կոչումին եւ որուն մէջ տեղ գրաւած էին  նախարարներ, որոնք երկար տարիներէ ի վեր, շարունակաբար գտնուելով տնտեսական  ոլորտի պաշտօններու վրայ,  երկիրը հասցուցած էին սնանկութեան եզրին, միւս կողմէ դիզելով անձնական հսկայական հարստութիւններ:

Պաշտօնի ստանձման առաջին օրն իսկ, վարչապետ Կարէն Կարապետեան անկեղծօրէն յայտարարեց, որ երկիրը կը գտնուի տնտեսական խիստ ծանր վիճակը մէջ: Նման անկեղծութիւնն անգամ եզակի երեւոյթ էր Հայաստանի քաղաքական մշակոյթէն ներս:

Նորանշանակ  վարչապետը առաջին հերթին փորձեց ու մեծ մասամբ յաջողեցաւ    երկրի կառավարման օղակներէն դուրս  մղել Գագիկ Բեգլարեանի,  Գագիկ Խաչատրեանի, Սուրիկ Խաչատրեան  եւ վերջապէս Յովհաննէս Յովսէփեանի նման վարկաբեկուած դէմքեր: Յովսէփեան վարելով պետական  եկամուտներու  կոմիտէի նախագահի պաշտօնը, իր դիզած հարստութեան մասին լրագրողներու կողմէ իրեն ուղղուած հարցին վերջերս պատասխանած էր ըսելոը`  «Աստուած տուած է»:

Պաշտօնազուրկ  եղած այս նախարարներն ու պաշտօնեաները փոխարինուեցան, որոշ  չափով արհեստավարժ դէմքերով, որոնց ուսերուն դրուած է պետական դատարկուած գանձը վերականգնելու եւ վեց միլիառ տոլարի սահմանները մօտեցած արտաքին պարտքի դանդաղեցումը ապահովելու բաւականին դժուար գործը:

Վարչապետ Կարապետեանի առաջին քայլերը յոյս կը ներշնչեն, որ սկսած  տեղաշարժերը պիտի կարողանան որոշ կայունութիւն ապահովել երկրի տնտեսութենէն ներս, որ իր հերթին իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ  ընկերային հարցերու լուծման, նոր աշխատատեղերու ստեղծման  եւ հետեւաբար`  արտագաղթի կասեցման ուղղութեամբ:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment