Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Foreign Affairs՝ «Հարաւային Կովկասը Կ′ապասառեցուի»

Foreign Affairs՝ «Հարաւային Կովկասը Կ′ապասառեցուի»

by MassisPost

«Հարաւային Կովկասը կ′ապասառեցուի»` այսպէս վերնագրեց միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծմամբ զբաղող Foreign Affairs հեղինակաւոր հանդէսը տարածաշրջանին նուիրուած իր հրապարակումը: Յօդուածի հեղինակը Ուաշինկթընի մէջ գործող Ռազմավարական եւ միջազգային հետազօտութիւններու կեդրոնի Ռուսիոյ եւ Եւրասիոյ ծրագրերու գծով փոխտնօրէն Ճեֆրի Մանկոֆն է:

Ամերիկացի վերլուծաբանի համոզմամբ` վերջին ամիսներուն Հարաւային Կովկասի մէջ զգալի փոփոխութիւններ տեղի կ′ունենան, որոնց ամենառարկայական վկայութիւնը ապրիլեան պատերազմն էր:

«Ապրիլին բռնութիւնները հասան մակարդակի մը, որ աննախադէպ էր 90-ականներէն ի վեր: Հակամարտութեան սկիզբը ատրպէյճանական ուժերու կողմէ շփման գծի երկայնքով իրականացուած յարձակումն էր: Ատրպէյճանական կողմը, ճիշդ է, կը յայտարարէր, թէ հակադարձած է հայկական ուժերու սադրանքներուն»,- կը նշէ ամերիկացի փորձագէտը` աւելցնելով, որ ազրպէյճանցիներու կողմէ հայկական մի քանի յենակէտերու գրաւումը «սահմանափակ ռազմավարական կարեւորութիւն ունէր»:

«Ռազմական գործողութիւնները կը նախազգուշացնէին առ այն, որ վերջին երկու տասնամեակներու համեմատական անդորրը կրնայ յարատեւ չ′ըլլալ: Տեղի ունեցածը նախեւառաջ վկայեց, որ տարածքային փոփոխութիւններու կարելի է նաեւ ուժով հասնիլ»,- կը նշէ Foreign Affairs-ի յօդուածագիրը:

Ճեֆրի Մանկոֆի կարծիքով, Ազրպէյճանը կրնայ յառաջիկայ ամիսներուն շարունակել օգտագործել երկրին մէջ ծագած ազգայնական ալիքը` Լեռնային Ղարաբաղի ձեռք բերած առաւելութիւնը ընդգծելու եւ հանրութեան ուշադրութիւնը տնտեսական խնդիրներէն շեղելու համար: Հայաստանի մէջ ալ, ըստ վերլուծաբանի, ապրիլեան պատերազմը երկու հիմնական զգացողութիւն առաջացուցած է` «վրէժխնդրութեան ցանկութիւն եւ դժգոհութիւն Ռուսիայէն»:

Իսկ ապրիլեան ընդհարումին պատճառով քաղաքական շահաբաժիններ շահած գլխաւոր ուժը, ըստ Foreign Affairs հանդէսի, Ռուսիան է:

Ամերիկացի վերլուծաբանի համոզմամբ` ապրիլ 5-ին ռուսերու միջնորդութեամբ ձեռք բերուած հրադադարը եւ բանակցային գործընթացի յետագայ աշխուժացումը եկան վկայելու, որ «Ռուսիան շատ աւելի մեծ շահագրգռութիւն եւ լծակներ ունի տարածաշրջանին մէջ, քան Ֆրանսան կամ Միացեալ Նահանգները»:

«Ռուսիոյ ուղերձը Պաքուին հետեւեալն է` միայն Մոսկուան բաւարար ազդեցութիւն ունի Հայաստանի վրայ` այնպիսի համաձայնագրի կնքման հասնելու համար, որուն իբր արդիւնք Հայաստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու գոնէ մէկ մասը կը վերադարձուի Ազրպէյճանին: Այս հեռանկարը գրաւիչ է ազրպէյճանցի իշխանաւորներու համար: Անոնք, սակայն, մտավախութիւն ունին, թէ ինչ կրնայ Մոսկուան պահանջել անոր դիմաց»,- կը գրէ ուաշինկթոնցի հետազօտողը` մանրամասնելով․- «Հաւանական է, որ Պաքուէն պահանջեն մաս կազմել Եւրասիական տնտեսական միութեան կամ ալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան: Երեւանցի պաշտօնեաներն ալ մտավախութիւն ունին, որ Ռուսիան կրնայ պահանջել վերադարձնել 90-ականներուն գրաւուած տարածքները` փոխարէնը շատ քիչ բան տալով»:

Ճեֆրի Մանկոֆի խօսքով, կայ հեռանկար մը, որուն հաւասարապէս դէմ են թէ՛ Երեւանը եւ թէ՛ Պաքուն: Խօսքը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման մասին է:

«Ապրիլեան պատերազմը կարգաւորման գործընթացէն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ տիրող հիասթափութեան վկայութիւնն էր: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ անցած 25 տարիներուն Հարաւային Կովկասը բաւական մեծ թիւով թատերական իրադարձութիւններու ականատեսը եղած է: Առկայ նախանշանները, սակայն, կը վկայեն, որ յառաջիկայ տարիներուն այս տարածաշրջանին էջ նոր ցնցումներ պիտի ըլլան»,- կը գրէ Foreign Affairs հանդէսը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment