Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ռուսական Օդուժը Վերսկսած է Հարուածները Հալէպի Արեւելեան Շրջաններուն Մէջ

Ռուսական Օդուժը Վերսկսած է Հարուածները Հալէպի Արեւելեան Շրջաններուն Մէջ

by MassisPost

Մի քանի օր տեւած յարաբերական անդորրէն յետոյ ռուսական օդուժը վերսկսած է հարուածները սուրիական Հալէպի արեւելեան շրջաններուն բնակելի թաղամասերու ուղղութեամբ, կը հաղորդուի տասնեակ զոհերու մասին:

Հոնկէ ստացուող վերջին հաղորդումներուն համաձայն՝ ռուսական օդուժը կրակի տակ առած է շրջափակման մէջ յայտնուած քաղաքի Պուսթան ալ-Քասր եւ Ֆարտոս շրջանները: Լոնտոն տեղակայուած մարդու իրաւունքներու հարցերով դիտորդական խումբի փոխանցմամբ՝ այս ամենաուժգին ռմբակոծութիւնն է օդային հարուածները կրճատելու մասին սուրիական կառավարութեան հաւաստիացումներէն յետոյ:

Հոկտեմբեր 5-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ-Ասատի զինուած ուժերու ներկայացուցիչները յայտարարեցին, որ պիտի կրճատեն Հալէպի արեւելեան շրջաններուն մէջ ռմբակոծութիւնները՝ միեւնոյն ժամանակ կոչ ընելով քաղաքացիական բնակչութեան հեռու մնալ զինեալներէ: Ռուսական օդուժի օգնութեամբ սուրիական կառավարութիւնը կը փորձէ վերադարձնել ապստամբներու վերահսկողութեան տակ անցած՝ Սուրիոյ մեծութեամբ երկրորդ քաղաքը:

Սեպտեմբեր 22-ին մեկնարկած՝ Հալէպը ետ գրաւելու ուղղուած գործողութիւններու հետեւանքով, սուրիացի իրաւապաշտպաններու գնահատականներով, առնուազն 290 մարդ զոհուած է՝ հիմնականին քաղաքացիական անձինք:

Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ այս գործողութիւնները որակած են ռազմական յանցագործութիւն, աւելին՝ պաշտօնական Փարիզը   մտադիր է դիմել Միջազգային քրէական դատարան՝ Ռուսիոյ զինուժի գործողութիւնները հետաքննելու խնդրանքով:

Այս յայտարարութիւններուն նախօրէին միացաւ նաեւ պաշտօնական Լոնտոնը: Մեծ Բրիտանիոյ արտգործնախարար Պորիս Ճօնսոնը, Մոսկուային մեղադրելով Հալէպի բնակելի թաղամասերն ու խաղաղ բնակչութեան ռմբահարելու մէջ, Սուրիոյ պատերազմի հակառակորդներուն կոչ ըրած է ցոյցեր ընել Լոնտոնի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան մօտ:

Ճօնսոնը նաեւ կը պնդէր, թէ ապացոյցներ կան այն մասին, որ ՄԱԿ-ի մարդասիրական բեռ փոխադրող շարասեանը   հարուածներ   հասցուցած էր ռուսական օդուժը: Հասանելի բոլոր ապացոյցները կը վկայեն այն մասին, որ այդ յանցագործութեան պատասխանատուն Ռուսիան է, մասնաւորապէս յայտարարեց Մեծ Բրիտանիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը:

Կրեմլը հերքած է այս մեղադրանքները՝ իր հերթին յայտարարելով, թէ այդ պնդումները մէկ փեննի արժէք ալ չունին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment