Home ՍՓԻՒՌՔ Հայերը Դուրս կը Մղուին ՌԴ Պետական Խորհրդարանէն

Հայերը Դուրս կը Մղուին ՌԴ Պետական Խորհրդարանէն

by MassisPost

Սեպտեմբեր 18-ին, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները կը յուշեն, որ հայ հասարակութեան մէջ Ռուսիոյ վերաբերեալ ձեւաւորուած կարծրատիպերը վերանայման կարիք ունին։

Արդիւնքները
Սեպտեմբեր 18-ին, տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքներով ռուսական Պետական խորհրդարան ընտրուած են 450 պատգամաւորներ, որոնցմէ 225-ը՝ համամասնական կարգով, այսինքն՝ կուսակցական ցուցակներով, իսկ 225-ը՝ մեծամասնական կարգով, առանձին տեղամասերէ։

Անդրադառնալով ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներուն, նշենք, որ իշխող «Միասնական Ռուսաստան» կուսակցութիւնը ստացած է 140 համամասնական լիազօրագիր եւ 203՝ մեծամասնական։ Ռուսիոյ Դաշնութեան համայնավարական կուսակցութիւնը՝ 35 համամասնական լիազօրագիր, 7 մեծամասնական, Ազատական-ռամկավարական կուսակցութիւնը՝ 34 համամասնական եւ 5 մեծամասնական լիազօրագրեր։ «Արդար Ռուսաստան» կուսակցութիւնը ստացած է 16 մեծամասնական լիազօրագիր եւ 7 համամասնական։

Հայերը
2010 թուականին, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած մարդահամարի տուեալներով, ՌԴ-ի ազգութեամբ հայ քաղաքացիներու թիւը կը հասնի 1 միլիոն 182 հազարի։ Վերջին տարիներու ընթացքին, պայմանաւորուած նաեւ Հայաստանի՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելէն յետոյ ստեղծուած գաղթի հնարաւորութիւններով, այդ թիւը զգալիօրէն աճէր է։

Բացի ՌԴ ազգութեամբ հայ քաղաքացիներու բաւական մեծ թիւէն, առանձնայատկութիւն կը հանդիսանայ նաեւ այն, որ Ռուսիոյ հայերը որոշ շրջաններու մէջ կ′ապրին ամփոփ։ Մասնաւորապէս՝ Ստաւրոբոլի, Կրասնոտարի երկրամասերուն մէջ հայերը պատմականօրէն կը կազմեն մեծ համայնքներ եւ ընդունուած է, որ հայերը այդտեղ իրենցմէ բաւական լուրջ հասարակական կշիռ կը ներկայացնեն։

Բացի գաւառներէն, հայերը Ռուսիոյ մէջ բաւական մեծ ազդեցութիւն ունին թեմերուն մէջ, կան «հայկական անձնակազմով» համադաշնային կազմակերպութիւններ լրատուական ոլորտի կամ առեւտուրի, ֆինանսական ոլորտի ու արդիւնաբերութեան (Մարկարիթա Սիմոնեան, Աշոտ Գաբրիէլեանով, Ռուբէն Վարդանեան, Տանիլա Խաչատուրով եւայլն):

Այս ամէնով, հանդերձ, սակայն, ՌԴ 7-րդ գումարման պետական խորհրդարանի ընտրութիւններու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Ռուսիոյ խորհրդարանին մէջ ազգութեամբ հայ պատգամաւորներ չկան (բացառութեամբ, շատ հեռաւոր հայկական արմատներ ունեցող Արթուր Չիլինկարովի)։ Այսպիսով, ի տարբերութիւն նախորդ՝ 6-րդ գումարման պետական խորհրդարանի, ուր կար մէկ ազգութեամբ հայ պատգամաւոր՝ Յովհաննէս Օհանեանը, ներկայիս ռուսական խորհրդարանին մէջ հայազգի պատգամաւոր չկայ։

Շուրջ 1,2 միլիոն ազգութեամբ հայ բնակչութեան առկայութեան պայմաններուն մէջ, այս ցուցանիշը կը վկայէ այն մասին, որ հայերը Ռուսիոյ մէջ, հեռու մղուած են քաղաքական գործընթացներէն եւ յատկապէս՝ օրենսդրական գործունէութենէն։ Նման իրավիճակը կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ նաեւ անով, որ Ռուսիոյ հայկական համայնքները չ′ունին միասնական քաղաքական-հասարակական օրակարգ, որով կը կարենան աւելի լսելի դառնալ դաշնութեան մակարդակով։ Բացի այդ, հայկական համայնքները ՌԴ-ի մէջ կը ղեկավարուին այնպիսի մարդկանց կողմէ, որոնք սերտ կապեր ունին իշխանութիւններու հետ եւ չեն ցանկար իրենց գործարար շահերը եւ իշխանութիւններու հետ լաւ յարաբերութիւններէն առաջացած արտօնութիւնները հարուածի տակ դնել յանուն ազգային շահերու։ Հնարաւոր է նաեւ՝ տարբերակ, որ նման անձանց կողմէ կը վարուի ճշգրիտ քաղաքականութիւն՝ հայկական համայնքները քաղաքականութենէն «հեռու պահելու» համար։

Կարծրատիպերը
Ընդունուած է, որ հայերը Ռուսիոյ մէջ ունին արտօնեալ կարգավիճակ եւ բարձր ու պատասխանատու պաշտօններու մէջ յաճախ կը նշանակուին հայեր։ Իհարկէ, կան բազմաթիւ հայազգի քաղաքացիներ, որոնք Ռուսիոյ մէջ, լուրջ պաշտօններ կը զբաղեցնեն գործունէութեան տարբեր ոլորտներու մէջ, հիմնականին՝ կրթական, գործարք, մշակութային եւայլն։ Սակայն ՌԴ խորհրդարանական ընտրութիւնները ցոյց կու տան, որ Ռուսիոյ պետական կառավարումէն հայերը ամբողջովին դուրս մղուած են։

Հ.Գ. Նշենք, որ Արթուր Նիկոլայի Չիլիկարովը խորհրդային եւ ռուս բեւեռագէտ եւ օվկիանոսագէտ է, ԽՍՀՄ եւ ՌԴ հերոս: Չիլինկարովը, հայկական սփիւռքի հետ կապուած գործունէութիւն գրեթէ չի ծաւալէր եւ անոր հայկական կամ նախահայկական գործիչ համարելը սխալ է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment