Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընդդիմադիր Կուսակցութիւնները Վանաձորի Քաղաքային Իշխանութիւնը Փոխելու Մասին Համագործակցութեան Յուշագրի Հրապարակեցին

Ընդդիմադիր Կուսակցութիւնները Վանաձորի Քաղաքային Իշխանութիւնը Փոխելու Մասին Համագործակցութեան Յուշագրի Հրապարակեցին

by MassisPost

Վանաձորի քաղաքային ընտրութիւններուն անցողիկ շեմը յաղթահարած  «Լուսաւոր Հայաստան», «Հայկական Վերածնունդ» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնները  այսօր  համատեղ համաձայնագիր ստորագրեցին:

Ըստ համաձայնագրի, աւագանիի ընտրուած ընդդիմադիր 18 անդամները Վանաձորի քաղաքապետի պաշտօնին կը սատարեն Քրիստ Մարուքեանի թեկնածութեանը։

Վանաձորի քաղաքապետի առաջին տեղակալ կը նշանակուի  «Հայկական վերածնունդ»-են, երկրորդ տեղակալը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»-են։

Վանաձորի քաղաքապետը պիտի ընտրուի աւագանիի անդամներու կողմէ՝ փակ գաղտնի քուէարկութեամբ։ Երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները աւագանիի մեծամասնութիւն (18 լիազօրագիր) կ′ունենան, ուստի շատ հնարաւոր է, որ հանրապետութեան երրորդ քաղաքը ընդդիմադիր քաղաքապետ ունենայ:

«Լուսաւոր Հայաստան»-ի ղեկավար Էտմոն Մարուքեանը վստահ չէ, որ Վանաձորի մէջ իրենց ցուցակը գլխաւորող Քրիստ Մարուքեանը քաղաքապետ կը դառնայ։

Անոր խօսքով, ճնշումները շատ են յատկապէս իրենց գործընկեր ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն ցուցակներով աւագանիի անդամ ընտրուած մարդկանց նկատմամբ, որպէսզի իշխող կուսակցութեան օգտին քուէարկեն ․ – «Որովհետև ճնշումները, բնականաբար, պիտի ըլլան եւ կան: Այլ բան է՝ անոնք կը կարողանա՞ն հասնիլ իրենց վերջնարդիւնքին, թէ՞ ոչ: Իսկ վերջնարդիւնքը ո՞րն է: Որ երկու-երեք մարդու ճնշեն, որ այս մարդիկ երթան քուէարկեն հանրապետական թեկնածուի օգտին: Եթէ այդ պիտի ըլլայ անոնց յաղթանակը, այդ ծակոտ յաղթանակ է: Ես ուղղակի կը ցաւակցիմ իրենց այս իրավիճակին: Երեւի իրենք այլ տարբերակ չ′ունին: Կրնային պատուով ուղղակի ըսել՝ մենք կը յանձնուինք, ընդդիմադիր խմբակցութիւն կը դառնանք: Բայց չ′ունին նման մշակոյթ, չեն կրնար այդ ընել»:

«Հայկական վերածնունդ»-ը նոյնպէս վճռական տրամադրուած են։ Կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Հեղինէ Պիշարեանը վստահեցուց, որ իրենց թեկնածուները կուսակցութեան որոշումէն չեն շեղիր եւ պիտի պաշտպանեն «Լուսաւոր Հայաստանի» քաղաքապետի թեկնածու Քրիստ Մարուքեանին։

«Բարգաւաճ Հայաստան»-ի ղեկավար Նաիրա Զուրապեանը  նշեց, որ աւագանիի անդամներու նկատմամբ ճնշումներու մասին լսած է, բայց  իրենց թեկնածուներու հետ հանդիպած է եւ կը կարծէ, որ անոնք չեն շեղիր քաղաքական որոշումէն ․ – «Ես վստահ եմ մեր աւագանիներու վրայ, եւ կը մնայ, որ մնացած բոլոր աւագանիները, որոնք վաղը կը ստորագրեն համաձայնութեան յուշագիրը Վանաձոր քաղաքի զարգացման հետ կապուած, ամսուն 10-ի քուէարկութեան ժամանակ իրենց խօսքին տէրը կ′ըլլան, եւ փակ գաղտնի քուէարկութիւնը անակնկալներ չի մատուցէր»:

Փաստաթուղթը ստորագրող երեք ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կը շեշտեն, որ համաձայնագիրը միայն Վանաձորին պիտի վերաբերի եւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու հետ կապ չունի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment