Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ընկ. Ալեքս Քէօշկէրեան Ելոյթ Ունեցաւ «Թուրք Յառաջադէմ Մտաւորականութիւնը Եւ Հնչակեան Կուսակցութիւնը» Նիւթին Շուրջ

Ընկ. Ալեքս Քէօշկէրեան Ելոյթ Ունեցաւ «Թուրք Յառաջադէմ Մտաւորականութիւնը Եւ Հնչակեան Կուսակցութիւնը» Նիւթին Շուրջ

by MassisPost

Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Քաղաքական դիւանի կազմակերպութեամբ  տեղի ունեցաւ հրապարակային ասուլիս մը` «Թուրք Յառաջադէմ Մտաւորականութիւնը եւ Հնչակեան Կուսակցութիւնը»  նիւթին շուրջ:

Այս առթիւ  ելոյթ ունեցաւ  ՍԴՀԿ Հայ-Թուրք յարաբերութիւններու Յանձնախումբի անդամ եւ  Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմնի նախկին ատենապետ« ծանօթ հասարակական գործիչ Ընկ. Ալեքս Քէօշկէրեան:

Կիրակի, Հոկտեմբեր 2-ին,  Փասատինայի Հ.Կ.Բ.Մ.ի սրահին  ներս ներկայ էին  ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ Համբիկ Սարաֆեան, Կեդրոնական վարչութեան այլ անդամներ, շրջանիս Վարիչ Մարմինի անդամներ եւ  մեծ թիւով հանդիսականներ, որոնք հետաքրքրութեամբ հետեւեցան դասախօսութեան ու իրենց հարցումներով մասնակից եղան ասուլիսին:

Օրուայ հանդիսավար` Ընկերուհի Ծովիկ  Քէորողլեան իր բացման խօսքին մէջ յատկապէս ըսաւ,-  «Այս օրերուն կը  խօսուի ցեղասպանութեան հատուցման եւ մեր մէկ ու կէս միլիոն սրբադասուած հայ նահատակներու արդար դատի լուծման  այլազան ձեւերու մասին:

«Մեր կարծիքով, մեր արդար դատի լուծման գլխաւոր լծակներէն մին պէտք  է հանդիսանայ,  նոյն ինքն թուրք ժողովուրդը, յատկապէս անոր գիտակից ու մտաւորական խաւը, որ օր ըստ օրէ կազմաւորուող`  դեմոկրատական հիմունքներով ճամբայ ելած,  երկրի յառաջդիմական կազմակերպութիւններն են»:

Հանդիսավարը ներկայացնելով հիւր դասախօսի կենսագրական գիծերը զինք հրաւիրեց բեմ:

alex-4Բանախօսը բացատրելով թէ ինչպէս սկսած են այս յարաբերութիւնները« յայտնեց որ չորս տարի առաջ էր, երբ  յանկարծ կայքերէն մէկուն վրայ քսաններուն մասին թուրքերէն լեզուով գրուած յօդուած մը գտած է եւ ծայրը գտնելով, հեղինակին հետ կապի մէջ մտած է առանց բացայայտելու իր իսկական ինքնութիւնը. «Այս ընթացքին Պէյրութ այցելութեան եկած էին Թուրքիոյ ասորիները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որոնց հետ ջերմ զրոյց մը ունենալէ ետք, Պոլսոյ մէջ թռուցիկ ցոյց մը կատարելու միտքը մը յղացանք. Իր օրին  ծիծաղելի թուացող «երազը» իրականութիւն դարձաւ` երկու տարի ետք, երբ անակնկալ հրաւէր մը մեզի տարաւ Պոլիս` Պայազիտ  հրապարակ», ըսաւ Ընկ. Քէօշկէրեան:

Անդրադառնալով այդ նախաձեռնութեան արդիւնքներուն ան նշեց.  «Մինչեւ երեք տարի առաջ Փարամազի եւ 19  ընկերներու սխրագործութեան արժեւորումը սահմանափակուած էր միայն հայկական շրջանակներով. Սակայն այսօր Փարամազի անունը դարձած է կրօնամոլութեան եւ յետադիմութեան դէմ պայքարի խորհրդանիշ. Ասոր վառ օրինակը 2014-ի Հոկտեմբերին Քոպանիի Միշթէնուր կոչուած բլուրին վրայ զոհուած մարտիկն է, որ իր յեղափոխական անուն որպէս` ընտրած էր «Փարամազ-Գզլպաշ» անունը: Նահատակին ծնողքին հետ մեր հանդիպման ժամանակ մայրը ըսաւ «որդիս Սուպհի  Նէժաթ հիացած էր Փարամազի կերպարով եւ  այդ պատճառով, երբ մեկնեցաւ իր համամարդկային պարտքը կատարելու, իր անունը մարտական անունը առաւ  երկու իրաւազրկուած ժողովուրդներէն»:

Դասախօսը խօսեցաւ յայտնի թուրք մտաւորական  Քատիր Աքընի գրած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած`  «Փարամազ Հայ Յեղափոխականը» գիրքին, որ 4րդ տպագրութեամբ դասուած է Թուրքիոյ մէջ վաճառք արձանագրած 10 գիրքերու շարքին:

«Այսօր նոր պատմութիւն մը սկսած է գրուիլ Թուրքիոյ մէջ: Փոխուած են  ընկերվարական շարժման առաջատարներուն շարքը, այսօր Փարամազ եւ իր ընկերները դարձած են այդ շարժման առաջին նահատակներուն շարքին»:
Ընկեր Ալէքսան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի Վարիչ Մարմնին այս առիթը ստեղծելուն համար: Ան իր խօսքը սկսաւ սահմանելով մեր գործընկերները. «Թուրքիոյ յառաջադէմ մտաւորականութիւն ըսելով մենք նկատի ունինք այն բոլոր մտաւորականները ովքեր, առանց վերապահութեան ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ պատրաստ են մեզի սատար կանգնելու`  մեր պահանջատիրութեան մէջ»:

alex-8website
alex-10website

Բանախօս ընկերը անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի հռչակագրի հայ-թուրք յարաբերութիւններուն առնչուող բաժիններուն ինչպէս նաեւ, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն եւ այնտեղ գործող` հակամարտ ուժերու յարաբերութիւններուն ըսաւ: «Այս հռչակագրով մեր ազգային պահանջատիրութեան  քաղաքական ասպարէզին մէջ նոր դաշտ մը բացուած է, այդ Թուրքիայի հանրապետութիւնն է: Այդտեղ մեր թշնամիներու մեծ ոհմակ մը կայ Էրտողանի կրօնամոլ եւ Պահչելիի ազգայնամոլ ոհմակներու գլխաւորութեամբ: Ասոնց դիմաց մեր բնական դաշնակիցներն են ժողովուրդներու հաւասարութեան ձգտող, փոքրամասնութիւններու իրաւունքները պաշտպանող բոլոր ուժերը եւ մենք որպէս հնչակեաններ բարոյական պարտք կը համարենք  զօրակցիլ անոնց եւ թիկունք կենալ»:

Ելոյթի աւարտին եղան միտքերու փոխանակում եւ ներկաներու կողմէ ուղղուած հարցումներուն տրուեցաւ լրացուցիչ պատասխաններ:

Երեկոյի փակման խօսքը կատարեց ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի ատենապետ` Ընկ. Գրիգոր Խոտանեան, մեծապէս գնահատելով  Ընկ. Քէօշկէրեանի բովանդակալից ելոյթը, որ կը պարունակէր բաւական նորութիւններ եւ կու տար հասարակութիւնը հետաքրքրող  շատ մը հարցերու պատասխանները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment