Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կրած Պարտութիւնէն Ետք ՀԱԿ Վարչութիւնը Հրաժարական Չի Տար

Կրած Պարտութիւնէն Ետք ՀԱԿ Վարչութիւնը Հրաժարական Չի Տար

by MassisPost

ՀԱԿ վարչութեան անդամ  Լեւոն Զուրապեան կը պնդէ, որ Տեղական մարմիններու ընտրութիւնները իշխանութիւնը կեղծեց սովորականին նման՝ ընտրութիւններու փոխարէն տեղի ունեցաւ քուէներու աճուրդ։

Պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ Գիւմրիի եւ Վանաձորի Գոնկրեսի պարտութեան մէջ որոշ դեր ունեցաւ ապրիլեան պատերազմէն յետոյ Սերժ Սարգսեանի եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի մերձեցումը, Լեւոն Զուրապեանը ըսաւ. «Այդ կրնայ ազդել, ես չեմ բացառէր: Մեր պայքարի ձեւերը երբեք պիտի չի ստեղծեն վտանգ կամ հրաւէր Ազրպէյճանին յարձակելու համար»:

Ըստ անոր, Տէր-Պետրոսեանն ու Սերժ Սարգսեանը շատոնց չեն հանդիպած, նոյնիսկ խորհրդապահական խողովակներով շփումներ չունին. « Վերջին շփումը, որ եղած է անոնց միջեւ, այդ եղած է այդ հանդիպումը, որուն մասին հրապարակաւ ըսուած է»:

Ի դէպ, պարոն Զուրապեանը սխալ կը համարէ Գիւմրիի ու Վանաձորի տապալելէն յետոյ վարչութեան ամբողջ կազմի հրաժարականը՝ այդ կը նշանակէր, որ ընտրութիւնները եղած են ազատ եւ արդար. «Դուն դուրս կու գաս իրենց դէմ պայքարելու, իրենք կը կեղծեն ընտրութիւնները, ու դուն անոր պատճառով պիտի հրաժարակա՞ն տաս»:

Փոխարէնը նոյեմբերին կուսակցութիւնը կը հրաւիրէ համագումար եւ կը ներկայացնէ, թէ ինչ հետեւութիւններ եղած են Տեղական մարմիններու ընտրութիւններուն կրած պարտութիւններէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment