Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սէյրան Օհանեան Հեռացուեցաւ Պաշտպանութեան Նախարարի Պաշտօնէն

Սէյրան Օհանեան Հեռացուեցաւ Պաշտպանութեան Նախարարի Պաշտօնէն

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի նոր կառավարութեան կազմէն հեռացնելու մասին տարածուող լուրերը իրականութիւն դարձան:

Սերժ Սարգսեանի Հոկտեմբեր 3-ի հրամանագրերով Վիգէն Սարգսեան նշանակուեցաւ պաշտպանութեան  նախարար, իսկ Էդուարդ Նալբանդեան վերանշանակուեցաւ արտաքին գործոց նախարար:

Սերժ  Սարգսեան Հոկտեմբեր 4-ին այցելելով  Պաշտպանութեան նախարարութիւն  բանակի բարձրագոյն սպայական կազմին ներկայացուց պաշտպանութեան նորանշանակ նախարար Վիգէն Սարգսեանը:

Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձած է նաեւ այն հանգամանքներուն, որոնք հաշուի առած է այդ որոշումները կայացնելու ատեն:

Նախագահի աշխատակազմի լրատուական ծառայութեան հաղորդմամբ, այդ համատեքստին մէջ Սերժ Սարգսեանը խօսէր է նոր Սահմանադրութեամբ պաշտպանութեան նախարարի, նախարարութեան եւ ԶՈւ գլխաւոր շտապի դերակատարութեան մասին երկրի պետական կառավարման համակարգին մէջ:

Սերժ Սարգսեանը ընդգծէր է, որ երթալով պիտի աւելնան նաեւ Պաշտպանութեան նախարարութեան հնարաւորութիւնները:

Այսպիսով ամբողջացաւ նոր կառավարութեան կազմը, որմէ դուրս մնացին երկու   «օլիկարխկ» նախարարներ` Գագիկ Բեգլարեանր եւ Գագիկ Խաչատրեանը, ինչպէս նաեւ  Սէյրան Օհանեանը, որու հեռացման մասին կը խօսուէր ապրիլեան պատերազմէն ասդին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment