Հալէպի հայկական թաղամասերը անգամ մը եւս յայտնուած են պատերազմական ծանրագոյն իրավիճակի մը մէջ: Այսօր հրթիռներ ինկած են յատկապէս Վիլլաներ, Նոր Գիւղ եւ այլ շրջաններու վրայ: Հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած են հինգ հայեր եւ վիրաւորուած տասը:
Ըստ «Արևելք» կայքէջին՝ հրթիռներ ինկած են Մազլումեան հիւանդանոցի թաղամասին մէջ գտնուող նպարավաճառ Շանոյեանի վաճառատան մօտ ու Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտ եղող բնակարանի մը վրայ:
Հալէպի մէջ այսօր զոհուած են 12 տարեկան Արման Հինտոյեանը եւ 21-ամեայ քոյրը՝ Միրէյ Հինտոյեան, վիրաւորուած է իրենց մայրը՝ Պէթին:
Հալեպահայ միւս զոհերն են Ծիլա Ճապախճուրեանը, Հասմիկ Կիրակոսեան-Պերեճիքեանը ու Փիեր Հարիրոն:
Վիրաւորներ մէջ կան ինչպէս թեթեւ նոյնպէս ծանր վնասուածքներ ստացածներ: