Վարչապետ Կարէն Կարապետեանը այսօր ընդունած է Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան (ՀԱԳՄ) անդամներուն:
Կառավարութեան պաշտօնական կայքէջի փոխանցմամբ, վարչապետը նշած է, որ կ′ակնկալէ գործարարներէն լսել գործարքներու զարգացման խոչընդոտող խնդիրներն ու մտահոգութիւնները եւ միաժամանակ առաջարկած է ներկայացնել կառավարութենէն սպասուող այն քայլերը, որոնք բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծեն գործարար միջավայրի համար:
ՀԱԳՄ-ի նախագահ Արսէն Ղազարեանը միութեան անունով շնորհաւորեց Կարէն Կարապետեանին վարչապետի պաշտօն ստանձնելու կապակցութեամբ, մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք: Ան ներկայացուց միութեան անդամ գործարարներու հետ քննարկման արդիւնքով բարձրացած շարք մը հարցեր՝ ուղղուած գործարքներու միջավայրի եւ տնտեսական ներկայիս իրավիճակի դրական տեղաշարժերուն:
Այս առումով Ղազարեանը ողջունեց կառավարութեան՝ կառուցուածքային փոփոխութիւններ կատարելու նախաձեռնութիւնը՝ մասնաւորապէս, կարեւորելով տնտեսութեան նախարարութեան անուանափոխութիւնը Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան, ինչ որ աւելի նպատակային ու հասցէական կը դարձնէ այդ գերատեսչութեան աշխատանքը:
Կարէն Կարապետեանը նշած է, որ Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւնը պիտի ըլլայ կամուրջ կառավարութեան ու գործարարներու միջեւ եւ պիտի աջակցի բոլոր հարցերուն.- «Մենք հետեւեալ խնդիրը դրած ենք՝ փոխել սկզբունքային վերաբերմունքը դէպի գործարարը: Մենք ամէն ինչով պիտի աշխատինք ցոյց տալ, որ ձեր գործընկերն ենք: Մենք պատրաստ ենք կանոնաւոր կերպով արձագանքել բոլոր բարձրացած խնդիրներուն եւ ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի համատեղ աշխատանքը ըլլայ առաւելագոյնս թափանցիկ»:
Վարչապետի խօսքով, կառավարութեան գերխնդիրն է ստեղծել այնպիսի միջավայր, որպէսզի «սպիտակ դաշտին մէջ» աշխատող գործարարը ինքզինք յարմարաւէտ զգայ, իսկ ստուերին մէջ աշխատողը գիտակցի, որ առաջին հերթին ինք պէտք է դառնայ բարեխիղճ հարկատու.- «Եթէ մենք ստուերը չբերենք, ինչ կ′ուզէ ընենք, երկիրը երկիր չենք դարձնէր»:
Միտքերու փոխանակութեան ընթացքին քննարկուած են մակրոտնտեսական զարգացման ռազմավարութեան, հաւասար մրցակցային դաշտի ձեւաւորման, Հարկային օրէնսգրքի նախագիծը եւ յարակից այլ հարցեր:
Վարչապետը կարեւորած է նման ձեւաչափով քննարկումները եւ գործարար համայնքի հետ շարունակական համագործակցութիւնը՝ առաջարկելով արագ արձագանքել կառավարութեան նախաձեռնութիւններուն եւ ճշգրիտ առաջարկներ ներկայացնել: