Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Քաղաքական դիւանի կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ հրապարակային ասուլիս մը, որուն նիւթն է` «Թուրք Յառաջադէմ Մտաւորականութիւնը եւ Հնչակեան Կուսակցութիւնը»
Այս առթիւ ելոյթ պիտի ունենայ ՍԴՀԿ Հայ-Թուրք յարաբերութիւններու Յանձնախումբի անդամ եւ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմնի նախկին ատենապետ, ծանօթ հասարակական գործիչ‘ Ալեքս Քէօշկերեանը:
Ընկ. Քէօշկերեան վերջին տարիներուն բազմաթիւ այցելութիւններ տուած է Թուրքիա, ուր հանդիպումներ ունեցած է հայամէտ թուրք մտաւորականներու հետ, ինչպէս նաեւ հանդէս եկած է հրապարակային ելոյթներով` թուրք հասարակութեան ներկայացնելով հայկական տեսակէտները:
Դասախօսութիւն-ասուլիսը Տեղի պիտի ունենայ Կիրակի 2 Հոկտեմբեր 2016 Փասատինայի Հ.Կ.Բ.Մ.ի սրահին մէջ, 1060 N. Allen Avenue, Pasadena կ.ե. ժամը 5ին:
Սիրով կը հրաւիրուի հայ հասարակութիւնը:
Մուտքը ազատ է: