Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուի Մէջ կը Կարծեն, որ Հայաստան Ցուցադրուած «Իսկանդերը» կը Պատկանի Ռուսիոյ

Պաքուի Մէջ կը Կարծեն, որ Հայաստան Ցուցադրուած «Իսկանդերը» կը Պատկանի Ռուսիոյ

by MassisPost

Հայաստանի ձեռք բերած «Իսկանդերը» հզօր զէնք է, սակայն, կողմերէն որեւէ մէկը չ′երթար նման զինատեսակի կիրառման, յայտնած են Ազրպէյճանի ռազմական փորձագէտները՝ մեկնաբանելով Երեւանի մէջ, սեպտեմբեր 21-ին կատարուած զօրահանդէսը:

«Մենք պէտք է պաշտպանենք Պաքուն, Գիանճան, Մինգեչաուրը, վտանգը առկայ է»,- ըսած է փորձագէտ Ազատ Իսազատէն՝ միաժամանակ ընդգծելով․- «Եթէ Լեռնային Ղարաբաղէն՝ Պաքու 300 քմ է, ապա Նախիջեւանէն՝ Երեւան ընդամէնը 40 քմ է: Այսինքն՝ մինչեւ «Իսկանդերը» հասնի Պաքու, Նախիջեւանէն երեք հրթիռ կը հասնի Հայաստանի մայրաքաղաք: Անոր չեն երթար ո՛չ հայերը, ո՛չ ազրպէյճանցիները»,- ըսաւ Ազատ Իսազատէն:

Իրականութեան մէջ անկախութեան 25-ամեակի շքերթով Հայաստանը կ′ուզէր բռունցքները ցոյց տալ՝ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ժամանակ Ազրպէյճանի արձանագրած առաւելութեան հակազդելու համար, կարծիք յայտնած է փորձագէտ Թելման Էբիլովը, որուն համոզմամբ հիմա Պաքուն պէտք է մտածէ բանակն ու սպառազինութիւնները ա՛լ աւելի արդիականացնելու մասին:

«Իսկանդերը» ամենավտանգաւոր հրթիռային համալիրն է, որ ունի մինչեւ 500 քմ հեռաւորութեամբ թիրախները խոցելու հնարաւորութիւն: Ազրպէյճանի մէջ կ′ըսեն՝ մենք ունինք S-300 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ, սակայն, նոյնիսկ ամենարդիական ամերիկեան հակաօդային համակարգերը չեն կրնար «Իսկանդերը» յայտնաբերել: Այդ հրթիռը կը հետեւի թիրախին՝ փոխելով իր յետագիծը, եւ այդ ամենավտանգաւորն է»,- կ′ըսէ ազրպէյճանցի ռազմական փորձագէտը:

«Ազատութեան» ազրպէյճանական ծառայութեան հաղորդմամբ, Պաքուի մէջ հակասական են կարծիքները, թէ ի վերջոյ որուն կը պատկանին Երեւան ցուցադրուած զինատեսակները, յատկապէս՝ «Իսկանդեր» համալիրը: Փորձագէտ Ուզէիր Ճաֆարլին կը յիշեցնէ Ռուսիոյ ու Հայաստանի միջեւ վերջերս ստորագրուած հակաօդային պաշտպանութեան միաւորուած համակարգ ստեղծելու համաձայնագիրը, կարծիք յայտնելով, թէ «Իսկանդերը» իրականութեան մէջ Ռուսիոյ կը պատկանի, եւ այդ համաձայնագրի շրջանակներուն մէջ ցուցադրուած է Երեւան:

«Ազրպէյճանը, սակայն, պէտք չէ մոռնայ կարեւոր հանգամանք մը. եթէ Ռուսիան այդքան հեշտութեամբ համաձայնեցաւ ցուցադրել իր համալիրը հայաստանեան զօրահանդէսին, ապա նոյն հեշտութեամբ ալ կը համաձայնի անոր կիրառմանը Ազրպէյճանի դէմ ռազմական հակամարտութեան ժամանակ»,- ըսած է Ճաֆարլին:

Ազրպէյճանցի փորձագէտները համոզուած են՝ երկրի արտ.գործ.նախարարութիւնը այժմ պարտաւոր է բացատրութիւններ պահանջել ոչ միայն Հայաստանէն, այլեւ Ռուսիայէն:

«Իսկանդերը» հասարակ զինատեսակ չէ, այլ լուրջ զէնք, որուն թիրախը կրնայ Պաքու յայտնուիլ: Չեմ հասկնար՝ ինչէն այդքան վախցած են մեր դիւանագէտները, չէ՞ որ Հայաստան արդէն ցոյց տուած է այդ զէնքը, եւ հիմա ժամանակն է, որ Ռուսիան, որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ, պարզաբանէ երբ եւ ինչ հանգամանքներով այն տրամադրուած է: Հայաստանն ալ Եւրոպայի մէջ սովորական սպառազինութիւններու մասին պայմանադրութեան պահանջներուն համապատասխան պէտք է հաշուետուութիւն ներկայացնէ, պաշտօնապէս հաւաստելով՝ կը տիրապետէ «Իսկանդեր» համալիրին, թէ ոչ»,- ըսած է փորձագէտ Ուզէիր Ճաֆարլին:

Պարզաբանումներէն բացի, ըստ Թելման Էբիլովի, Պաշտօնական Պաքուն պէտք է նաեւ Ռուսիայէն երաշխիքներ ստանայ, որ սեփական բանակն ալ կրնայ այդպիսի համալիրի տէր դառնալ:

«Եթէ նոյնիսկ Ազրպէյճանը Իսրայէլէն ու միւս երկիրներէն կը գնէ այլ զինատեսակներ, որ Ռուսիան չունի, այս մէկը պարտաւոր է Մոսկուայէն ձեռք բերել, այլ ելք չկայ: Մենք պէտք է ունենանք նման հզօրութեան զէնք: Որքան գիտեմ՝ հիմա բանակցութիւններ կը տարուին Պաքիստանի հետ, որ նմանատիպ հրթիռային համալիրներ կ′արտադրէ: Եթէ Ազրպէյճանն ալ համանման զէնք ձեռք բերէ, Հայաստանը կը հանդարտի»,- ըսած է Էբիլովը:

Հայաստան կատարուած զօրահանդէսէն յետոյ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ բարձրագոյն ղեկավար անձնակազմի խորհրդակցութիւն կատարած էր: Ըստ տեղական աղբիւրներու, նախարար Զաքիր Հասանովը ազրպէյճանական բանակին յանձնարարած էր ուժեղացնել «թշնամու ռազմավարական եւ ռազմական նպատակներու նկատմամբ հսկողութիւնը»: Այլ պաշտօնեաներ ու քաղաքական ուժեր թեմային դեռ չեն արձագանքած:

Քաղաքագէտ, Միլի մեճլիսի պատգամաւոր Ռասիմ Մուսաբէկովը ըսած է՝ հայ-ռուսական այս գործարքի վերաբերեալ շարք մը մանրամասներ դեռ մութ են իրենց համար:- «Անպատասխան շարք մը հացեր կան, նախ՝ ով տուած է այդ զէնքը Հայաստանին, երբ եւ ինչ պայմաններով, ով վճարած է անոր համար: Իմ կարծիքով, այդ զէնքերը իրականութեան մէջ Հայաստան տեղակայուած ռուսական ռազմակայանին կը պատկանին, սակայն, անոնք հրապարակ հանելով, Հայաստանը կը փորձէ վախցնել Ազրպէյճանին, առաւելութիւն ստանալ ապրիլեան պատերազմէն յետոյ սկսած բանակցութիւններուն՝ Ազրպէյճանէն կորզելով որոշ զիջումներ»,- ըսած է ազրպէյճանցի քաղաքագէտը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment