Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Անկախութեան 25-Ամեակը Նշուեցաւ Զինուորական Շքերթով

Հայաստանի Անկախութեան 25-Ամեակը Նշուեցաւ Զինուորական Շքերթով

by MassisPost

Սեպտեմբեր 21-ին` Հայաստանի  անկախութեան 25 ամեակին նուիրուած զօրահանդէս տեղի ունեցաւ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի վրայ:

Զօրահանդէսին ներկայ էին ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան,   Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ., Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Առաջին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, ԼՂՀ նախկին նախագահ Արկատի Ղուկասեան, ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեան, ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի անդամներ, պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, սփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչներ, օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ եւ հիւրեր:

Զօրահանդէսի հրամանատարն էր Զօրքերու միացեալ խմբաւորման հրամանատար` Անդրանիկ Մակարեանը: Զօրահանդէսը ընդունեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը:

Զօրահանդէսի ընթացքին հանդիսաւոր երթով անցան ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները եւ ցուցադրուեցաւ ԶՈւ ռազմական զինատեսակները:

parade-5Զօրահանդէսի ընթացքին ցուցադրուեցան հայկական բանակի նորագոյն ձեռքբերումները` հեռահար «Իսկանդեր», հրթիռային համալիրներ, համազարկային կրակի հակազդեցիկ «Սմերչ», համակարգեր, հակաօդային պաշտպանութեան համար նախատեսուած  «Բուկ» զենիթահրթիռային համալիրներ եւ ռատիոէլեկտրոնային պայքարի նորագոյն` «Ինֆաունա» համակարգ:

Անկախութեան 25-ամեակի առթիւ հանդէս գալով շնորհաւորական խօսքով,  նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ  Հայաստան վճռական է պաշտպանելու իր ազատութիւնը.- «Մենք ընտրած ենք ազատութիւնը Հայկ Նահապետի ժամանակէն: Մենք հաւատարիմ ենք այդ ընտրութեան, որ նետուաղեղի ժամանակներուն կատարած ենք: Այսօր‘ 21-րդ դարուն, զէնքերը փոխուած են, բայց չենք փոխուած մենք` սեփական ազատութիւնը պաշտպանելու մեր վճռականութեամբ: Վկան այս զօրահանդէսն է»:

Յատկանշական էր, որ Սարգսեան կարեւորեց նաեւ ազատ հասարակութեան կայացումը. «Մեր քաղաքացիները եւս պէտք է ազատ ըլլան, որովհետեւ ազատ մարդն ու ազատ հասարակութիւնը անհամեմատ աւելի արդիւնաւէտ կը գործեն: Մենք կարող ենք եւ պէտք է շարունակենք կառուցել արդիւնաւէտ երկիր, որ կը պաշտպանէ ազատ քաղաքացիին եւ ազատ հասարակութեան»-. ըսաւ նախագահը:

Այս առթիւ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան լրագրողներուն յայտարարեց, թէ ՀՀ անկախութեան 25-րդ տարեդարձին նուիրուած զօրահանդէսին  ցուցադրուած ողջ սպառազինումը ՀՀ Զինուած ուժերունն է:

«Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան պատմութեան ընթացքին եղած զօրահանդէսներու ժամանակ ցուցադրուած են միայն ու միայն Հայկական Զինուած ուժերու կազմին մէջ եղած սպառազինութիւններ»,-ըսաւ ան:

parade-4Նշենք, որ հրապարակումներ եղած էին, ըստ որոնց` ցուցադրուող զէնքերու մէկ մասը ՀՀ Զինուած ուժերունը չէ, եւ անոնք ցուցադրութեան համար տրամադրած է ռուսական կողմը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան, երկու հայրապետները  եւ ԼՂ նախագահ Բակօ Սահակեան անկախութեան տօնի 25-րդ տարեդարձի առթիւ այցելեցին «Եռաբլուր», յարգանքի տուրք մատուցելու նահատակուած հայորդիներու յիշատակին:

Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած զօրահանդէսին Ռուսիոյ եւ մի քանի այլ երկիրներու դրօշներու ներկայութենէն դժգոհ խումբ մը քաղաքացիներ,  հաւաքուելով Ազատութեան հրապարակը` «Եռագոյններու անկախութեան երթ» կատարեցին:

yeraplurՎերջերս  կալանքէն ազատ արձակուած ընդդիմադիր` Դաւիթ Սանասարեան, Ազատութեան հրապարակին մէջ ելոյթ ունեցալով պնդեց, որ Հայաստանը դեռ լիովին անկախ չէ:

«Անկախութեան ներկայ վիճակը պէտք է փոխենք, այս լիարժէք անկախութիւն չէ, այս կիսանկախութիւն է:  Հայաստանի մէջ պէտք է ծառայեն բացառապէս Հայաստանի Հանրապետութեան զինուորները: Հայաստանի հրապարակին մէջ, ինչպէս այսօր, պէտք չէ ծածանին ռուսական, այլ երկրի դրօշներ: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը պէտք չէ ռուսերէն խօսի անկախութեան օրը, ինչպէս ըրաւ այսօ»,- յայտարարեց Սանասարեան:

Հաւաքին  կը մասնակցէր նաեւ «իմնադիր խորհրդարան»-ի անդամ Ալեք Ենիգոմշեանը: Անոր պնդմամբ, հեգնական է, երբ ինքնիշխանութիւնը մաս առ մաս զիջողները անկախութեան շքերթ կը կատարեն:

parade-9 parade-10 parade-18 parade-29 parade-27 parade-34

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment