Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փոխելով ՀՀ Իշխանութիւնները կը Փորձեն Ժամանակ Շահիլ

Վարչապետ Փոխելով ՀՀ Իշխանութիւնները կը Փորձեն Ժամանակ Շահիլ

by MassisPost

Սագօ Արեան

Սպասելի  բայց ուշացած: Այսպէս պէտք է բնութագրել ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանն ու անոր ղեկավարած կառավարութեան  հրաժարականը  ընդունելու  եւ նոր վարչապետի  անուան շուրջ  նախնական    համաձայնութեան  մթնոլորտ մը  ձեւաւորելու մասին ըրած  յայտարարութիւնը

Այս բոլորը  անշուշտ կը կատարուին  Հայաստանը էապէս  ցնցած երկու  հիմնական իրադարձութիւններէն ետք, որոնց առաջինը Արցախի մէջ  անցնող Ապրիլին ի յայտ եկած զինուորական մագլցումն էր, իսկ երկրորդը  ներքին քաղաքական կեանքին մէջ կարեւոր բեկում առաջացուցած «Սասնայ Ծռեր» խմբակի հարցը:

Մինչ  առաջինի պարագային  բացորոշ էր, որ  Յովիկ Աբրահամեանի իշխանութեան վրայ մնալը, ոչ մէկ դրական  կամ ժխտական  ազդեցութիւն ունենալու ներուժ ունէր, անդին ներքաղաքական իմաստով յստակ էր, որ    Հայաստանի հանրութեան համար այս  վարչապետին  կամ աւելի ճիշդն ասած, անոր որդեգրած գործելաոճին շարունակուիլը  դարձած էր   անընդունելի:

Ու հակառակ անոր, որ վարչապետ Աբրահամեան իշխանութեան կողմէ կը ներկայանար, որպէս  զիջումներու գացող    իշխանական կարկառուն  դէմք մը,յստակ էր նաեւ, որ  յատկապէս  տնտեսական  գետնի վրայ Աբրահամեանի  կառավարութիւնը դրական տինամիքա մը չհաղորդեց Հայաստանին:

Աւելին, եթէ մէկդի դնենք Արցախի մէջ եղած  քառօրեայ  ճակատումներու փաստը,  գաղտնիք ալ չէ, որ  Հայաստանը կը գտնուի,  առնուազն  կայուն եւ խաղաղ գօտիի մը մէջ, ուր  մասնաւորապէս տնտեսական  տեղաշարժ կատարելու գործօնները քիչ  չեն:

Բայց այդպէս չեղաւ: Աւելին կառավարութիւնը  չկարողացաւ ապահովել 7 առ հարիւրի տնտեսական աճ, որուն մասին   խօսած էր  ՀՀ նախագահը եւ  վստահեցուցած, որ այդ աճի ապահովումը հիմնական հրամայականն է Աբրահամեանի     կառավարութեան իշխանութեան վրայ մնալու համար:

Այս բոլորէն  բացի, Աբրահամեան կարեւոր  թերացում արձանագրեց, երբ իր իսկ բացած երկրին մէջ մենաշնորհեալներ ունեցողներուն դէմ պայքարը ձգեց միայն խօսքի սահմաններուն  մէջ:

Ու հակառակ  Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան յստակ դարձաւ նաեւ, որ Հայաստանի 13-րդ  վարչապետի  իշխանութեան  աւարտին Հայաստանի արտաքին պարտքը հասաւ 5.5 միլրդ  ամերիկեան տոլարի, մինչ  2014-ի  ապրիլին, երբ Աբրահամեան  երկրի վարչապետութիւնը ստանձնեց Հայաստանի արտաքին ընդհանուր պարտքը կը կազմէր  շուրջ 4.5  միլրդ ամերիկեան  տոլար:

Գաղտնիք ալ չէ,  որ Հայաստանի վարչապետի տուած հրաժարականի լուրի տարածումէն միայն ժամեր  անց  Հայաստանի հանրութեան  մեծագոյն հատուածներուն մօտ կը տիրէր այն կարծիքը, որ  այս փոփոխութիւնը սոսկ ձեւական քայլ  մըն է:

Այս կարծիքը անշուշտ չպէտք է ընկալել, որպէս հասարակութեան մօտ կարծրատիպի վերածուած եւ իշխանութեան հանդէպ անվստահութեան   հերթական  մէկ արտայայտութիւն այլ աւելին: Նախ անոր համար, որ  նոր նշանակուելիք  վարչապետ Կարէն Կարապետեանի  անունը Հայաստանի իշխանական բուրգին  մէջ եղող   անուն է ու այդ փաստը  հանրութեան համար   բաւարար  պատճառ է չհաւատալու նախագահին «կարեւոր փոփոխութիւններ» կատարելու խոստումին:

Ի՞նչն  է փոխուողը ի վերջոյ եւ ինչ  պիտի տար անունի մը փոփոխութիւնը երկրի մը համար,  որուն կուտակած  տնտեսական       հիմնահարցերը երկիրը  հասցուցած են  անդամալուծման սեմին:

Այս բոլորէն  զատ կը դրուէր  նաեւ հարցումը, որ Հայաստանի  նախագահը ինչ կը փորձէր շահիլ այս քայլով:  Կամ եթէ  գոյութիւն ունէր, որոշ պատգամ մը, ապա  որուն ուղղուած էր  այդ պատգամը:

Հայաստանը կառավարող քաղաքական գործիչներու վերաբերեալ  առկայ ամենաթողութեան մթնոլորտը այսօր ստեղծած է այնպիսի իրավիճակ մը, որուն պատճառով հանրութիւնը կորսնցուցած է իր հաւատքը բոլոր առումներով: Այսպէս  երկրին մէջ  կարեւոր պաշտօններ զբաղեցուցած մարդիկ,  անհնար է, որ հարցուփորձի ենթարկուին կամ պատասխանատուութիւն կրեն   իրենց  կատարած մեծ սխալներուն համար:

Յովիկ Աբրահամեանը եւս այս առումով բացառութիւն պիտի չկազմէ:

Ինչպէս իր նախորդները,  նոյնպէս ինք պիտի շարունակէ իր «երանելի կեանք»ը, դիզելով մեծ հարստութիւն  եւ զարկ տալով իր  նորանոր «պալատ»ներու  կառուցման:

Այս բոլորը պիտի կատարուին  պարզ անոր համար, որ      Հայաստանի հանրութիւնը այսօր  բաւարար ներուժ չունի հարց տալու  վարչապետին, այ՛ո առնուազն հարց տալու, թէ   ուրկէ՞ են այն գումարները որոնց   ան տիրացաւ առնուազն    երկու տարուան  վարչապետի պաշտօն  վարելու ընթացքին:

Հարստութիւնը, տնտեսական աւանդները,   առեւտուրը, դրամ  շահելու   գաղտնիքները մէկ կողմ , հապա  երկրին մէջ իշխանական  կարեւոր     աթոռ զբաղեցնելու   ժամանակահատուածին  նոյն անձին   կուտակած գումարները     այլ  նիւթ:

Ու այս բոլորէն անդին ամենաթողութեան ընդհանուր մթնոլորտ մը, որ կը սպառէ հանրութիւն- իշխանութիւն  փոխ  վստահութիւն  կերտելու հնարաւոր  բոլոր ճանապարհները:

Թէ,  նշանակուելիք  վարչապետ Կարէն Կարապետեան  ինչ ուղղութեամբ պիտի փորձէ գործել  ցարդ յստակ չէ:  Յստակ ու երեւելի է սակայն, որ այս կարեւոր պաշտօնին համար  եղած փոփոխութիւնը, իր մէջ վստահութիւն փոխանցելէ  աւելի կը պարունակէ բաւական կասկածելի  եւ մանաւանդ  «քաղաքական  ժամանակ»  շահելու միտուած  բաւական  կասկածելի թայմինկ մը:

Այն առումով, որ յառաջիկայ    խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդամէնը մնացած է 7 ամիս: Ու այդ բաւականին  կարճ    ժամանակամիջոցին, եթէ Կարապետեան «լուրջ փոփոխութիւններ»  կատարելու բաւարար քաղաքական կամք ունի, ապա յստակ է նաեւ, որ  7 ամսուան ընթացքին անհնար է այդպիսի մեծ քայլերու  նետուիլ: Ուրեմն  հակամէտ ենք կարծելու, որ     վարչապետին ու հետեւաբար կառավարութեան  տուն երթալու որոշումը   տրուած  է ժամանակ շահելու յետին  նպատակով:

Իսկ  յանուն ինչի  համար,  աւելի պարզ կը դառնայ  յառաջիկայ ամիսներուն:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment