Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Րաֆֆի Քէնտիրճեան Նշանակուեցաւ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմնի Նոր Ատենապետ

Րաֆֆի Քէնտիրճեան Նշանակուեցաւ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմնի Նոր Ատենապետ

by MassisPost

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր մարմինը 2014-2016 ին, գլխաւորութեամբ Տիար Ժան Թիթիզեանի ունեցաւ բեղուն գործունէութիւն ի տես Սուրիահայութեան նիւթաբարոյական օժանդակութեան. այս առթիւ ՍԱՐՖը կազմակերպեց տեղեկատուական հանրահաւաքներ Սուրիայէն ժամանած անհատներու եւ հոգեւոր առաջնորդներու ներկայացումներով , դասախօսութիւններ, հեռուստացոյցի միջոցաւ հարցազրոյցներ, հեռաձայնային անմիջական կապեր Սուրիոյ շտապի հետ, դրամահաւաքի ընթրիք երեկոներ, մենաթատրոն Մարի Ռոզ Ապուսէֆեանի, համերգի երեկոներ: Հայաստանի մէջ բնակող սուրիահայութեան բնակարանային վարձքերու հատկացումներ եղան, գործակցաբար Անի եւ Նարօտ հիմնարկի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու՝ ՄԱԿի եւ Oxfamի հետ. վերջապէս Հայաստանի մէջ գործող  զանազան բարեսիրական կազմակերպութիւններու հետ հանդիպում եւ որոշ գործակցութիւն ի խնդիր Հայրենիքի մէջ ապաստանած սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն : Վերջապէս ընթացիկ տարուան ՍԱՐՖի գլխաւոր դրամահաւաք  Թելեթօնի մը գնահատելի յաջողութիւնը առաւել եւս խրախուսեց գաղութս եւ վերջապէս հասանելի օժանդակութիւնը սուրիահայ մեր հայրենակիցներու անմիջական կարիքներուն :

ՍԱՐՖին մաս կազմող ներկայացուցիչներու համերաշխութիւնն ու արդիւնաւէտ աշխատանքը իր օժանդակութիւնը արդարացուց վերջին երկու տարիներուն գործող ատենապետ՝ Տիար Ժան թիթիզեանի նուիրումովն ու ջանասիրութեամբը, որ իր համեստութեամբ եւ քաջալերանքով առաջնորդեց ՍԱՐՖի երկամեայ բեղուն գործունէութիւնը եւ այս ժամանակաշրջանին Սուրիոյ շտապին փոխանցուեցաւ 1.4 Միլիոն:

Առ ի գնահատանք, ընթացիկ ամսուան Սեպտեմբերի 7ին  ՍԱՐՖի գործադիր մարմինս կազմակերպեց ընթրիք երեկոյ մը Ֆինիշիա ճաշարանի մէջ եւ փոխանցեց երախտագիտական յուշանուէր մը Տիար Ժան Թիթիզեանի  :

Վարձքդ կատա՛ր եւ ջանքդ անսպառ յարգելի ատենապետ :

Առ այդ փ.ատենապետ տիար Րաֆֆի Քէնտիրճեան նշանակուեցաւ ՍԱՐՖի ատենապետ, որ նոյնքան նուիրուած եւ աշխատունակ իր ոգիով պիտի առաջնորդէ՝ վերանորոգուած ուխտով ՍԱՐՖի յառաջիկայ գործունէութիւնն ու նպաստը, տակաւ պատերազմի մէջ տագնապող մեր հայրենակիցներու ամենօրեայ կարիքներու հոգածութեան:

Սուրիահայութիւնը տակաւ կ՛ապրի պատերազմական դժնդակ պայմաններու մէջ. շարունակենք մեր նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը նորոգելով մեր ուխտը միասնաբար   ամոքելու մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն ցաւերը :

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment