Վերջին շրջանին տարածուող շշուկները` Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի պաշտօնէն հեռացման մասին, ըստ երեւոյթին, իրականութիւն դառնալու վրայ են: Չորեքշաբթի երեկոյեան, այս տողերը գրելու պահուն, «Ռոյթըրզ» միջազգային մամլոյ գործակալութիւնը Երեւանէն կը հաղորդէր, որ յաջորդ օրը` Սեպտեմբեր 8-ին տեղի ունենալիք իշխող Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի նիստի օրակարգի վրայ է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հրաժարականի եւ փոխարէնը` գործարար Կարէն Կարապետեանը նշանակելու հարցը:
Ապրիլեան պատերազմի արդիւնքները, Արցախեան հարցով միջազգային ճնշումները, երկրի տնտեսական անկումը ու ասոնց վրայ գումարած յուլիսեան դէպքերը, որոնք ստացան ժողովրդային ապստամբութեան բնոյթ, անել վիճակի առջեւ դրած են իշխող համակարգը:
Վարչապետի փոփոխութեամբ ժողովրդային դժգոհութիւնը մեղմացնելու քաղաքականութիւնը նորութիւն չէ Հայաստանի իշխանութեան վերնախաւին համար: Սակայն, ներկայիս կը տիրէ այնպիսի իրավիճակ, որ վարչապետի անձի փոփոխութեամբ կարելի չէ յաղթահարել առկայ դժուարութիւնները, թէկուզ ժամանակաւոր:
«Սասնայ Ծռեր» խումբին կողմէ հնչած պահանջներու շարքին կար նաեւ վստահութիւն ներշնչող ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն կազմելու հարցը: Այս մասին հետագային անդրադարձաւ նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան, սակայն չյստակեցնելով, թէ երբ կը նախատեսուի նման կառավարութիւն մը: Հանրապետական կուսակցութեան շրջանակները, այդ կառավարութեան կազմութիւնը կը յետաձգէին մինչեւ յառաջիկայ գարնան տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները:
Այժմ, երբ նոր կառավարութեան հարցը սեղանի վրայ է, լաւագոյն տարբերակը պիտի ըլլար, լայն լիազօրութիւններով օժտուած ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը, որուն մէջ ներկայացուած ըլլալ ե°ւ իշխանութեան եւ ընդդիմադրութեան ներկայացուցիչները, որպէսզի ճամբայ հարթուի նաեւ ազատ եւ արդար ընտրութիւններու կայացման:
Գիտենք, որ այս նպատակի իրականացումը այդքան ալ դիւրին չէ` կողմերուն միջեւ տիրող անվստահութեան պատճառաւ, սակայն առաջին փորձը պէտք է կատարել այսօր իսկ, մեկնելով երկրի գերագոյն շահերէն:
«ՄԱՍԻՍ»