Home ԳՐԱԿԱՆ Պոլսոյ Մէջ Հրապարակուած է Նոր Գրքոյկ մը՝ «Ո՞վ Են Այս Հայերը» Խորագրով

Պոլսոյ Մէջ Հրապարակուած է Նոր Գրքոյկ մը՝ «Ո՞վ Են Այս Հայերը» Խորագրով

by MassisPost

kimbu-ermeniler

«Արաս հրատարակչատունը այս շաբաթ հրապարակ հանեց հազիւ 65 էջ տարողութեամբ թրքերէն գրքոյկ մը, որ սակայն հայերն ու հայոց մշակոյթը օտարներու, մասնաւորաբար մանուկներու ծանօթացնելու տեսակէտէ շատ կարեւոր դերակատարութիւն կրնայ ունենալ: Գրքոյկը, որ կոչուած է «Ո՞վ էն այս հայերը» («Քիմ պու էրմէնիլէր»), գրի առնուած է Սուզան Փօլ Փէթիի կողմէ, որուն օժանդակած են Գագիկ Ստեփան եւ Մարալ Քերովբեան:

Ո՞վ են հայերը: Գրքոյկին մէջ իրերայաջորդ ու կարճաշունչ բաժիններ կը պատասխանեն հայերու ինքնութեան, աշխարհագրութեան ու մշակոյթին մասին գրեթէ բոլոր հարցումներուն: Քարտէզներ, Սփիւռքահայութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հայոց պատմական բնակավայրերը, Կոստանդնուպոլիսը, հայկական երբեմնի ու այսօրուան երաժշտութիւնը, ժողովրդական պարերը, պատմական տարազներ, բանաստեղծութիւն, նշանաւոր հայեր, եւ նմանօրինակ նիւթեր կարճ տողերով ու գունաւոր պատկերներով կը ծանօթացուին ընթերցողներուն:

Հեղինակները մասնաւորաբար իրենց ամբողջ համակրանքը արտայայտած են մանուկներու նկատմամբ: Ընտրուած են քանի մը մանուկներ, որոնք կը ծանօթացուին, ինչպէս Պէյրութէն Նոյեմի, Իսթանպուլէն Սարվէնը, Սսայաթն ու Սիմոնը, Հայաստանէն Էլէն եւայլն:

Գրքոյկ մը որ օտարներուն նախ գաղափար պիտի տայ հայոց մասին, ապա զանոնք պիտի հրաւիրէ աւելի լայն չափով ճանչնալու:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment