Ուսումնական տարուան սկիզբի, իր աւանդական դասախօսութեամբ, այսօր հանդէս եկաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Էդուարդ Նալպանտեանը Երևանի պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու ֆակուլտետի առաջին քուրսեցիներու և պրոֆեսօր-դասախօսական կազմին առջև:
Ան յայտարարեց, թէ Վիեննայի և Սան Փեթերսպուրկի մէջ կայացած գագաթաժողովներուն, ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կեանքի կոչումը համապատասխան պայմաններ կը ձևաւորեն խաղաղ գործընթացը առաջ մղելու համար:
Նախարարը խօսեցաւ ապրիլի սկզբին Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ լայնածաւալ ռազմական յարձակման, և անոր հետևանքներու յաղթահարման ուղղուած ջանքերուն մասին:
Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի և տեղեկատուութեան վարչութեան՝ Նալպանտեան անդրադարձած է նաև՝ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման ուղղուած հայկական դիւանագիտական ջանքերուն, ինչպէս նաև՝ Հայաստանի առաջնորդող դերակատարութեան՝ միջազգային բեմահարթակի ցեղասպանութիւններու և մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման գործընթացին ։ Ան շեշտած է, 2015-2016 թուականներուն, Երևանի մէջ կայացած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան» ֆորումներուն:
Էդուարդ Նալպանտեան ուսանողներուն պատմած է՝ Ռուսաստանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման, ԱՄՆ-ի հետ բարեկամական գործընկերութեան խորացման, Եւրոմիութեան հետ համագործակցութեան ամրապնդման, Վրաստանի և Իրանի հետ բարիդրացիական գործակցութեան զարգացման, այլ գործընկեր երկիրներու հետ կապերու ընդլայնման նպատակով ձեռնարկուող քայլերու մասին։
Ան անդրադարձած է տարբեր միջազգային կառոյցներու մէջ Հայաստանի ակնյայտ ներգրաուածութեան, տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման ուղղութեամբ, հայկական դիւանագիտութեան կողմէ իրականացուող քայլերուն։