Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մահացած է Մատենադարանի Տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանը

Մահացած է Մատենադարանի Տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանը

by MassisPost

Երէկ գիշեր մահացած է Հայաստանի հանրապետութեան Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանը։ Tert.am-ի հետ զրոյցին Մատենադարանի տնտեսական գծով փոխտնօրէն Արմէն Մկրտչեանը յայտնած է, որ Թամրազեան ծանր հիւանդութենէ կը տառապէր եւ երկար ժամանակ բուժում կը ստանար: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ Հրաչեայ Թամրազեան բուժում կը ստանար «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» Բժշկական կեդրոնէն ներս։

Հրաչեայ Թամրազեան ծնած է 1953-ին, Երեւանի մէջ։ 1971-ին աւարտած է Երեւանի Ն. Կրուպսկայայի անուան միջնակարգ դպրոցը, 1976-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական ֆաքուլթեթը, 1977-ին աշխատանքի անցած է Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ` նախ որպէս աւագ լապորանթ, ապա կրտսեր ու աւագ գիտաշխատող։ 1988-91-ին Հրաչեայ Թամրազեանը աշխատած է «Սովետական գրող» հրատարակչութեան մէջ՝ որպէս գլխաւոր խմբագիր, իսկ 1991-93-ին զբաղեցուցած է «Նայիրի›› հրատարակչութեան տնօրէնի պաշտօնը։ 1986-էն ի վեր Գրողներու միութեան անդամ է։

1993-ին նշանակուած է ՀՀ կառավարութեան առընթեր Հրատարակչական գործերու վարչութեան պետ, իսկ 1995-1997-ին ղեկավարած է ՀՀ Տեղեկատուութեան նախարարութիւնը։ Հրաչեայ Թամրազեանը 1997-2007 -ին համատեղութեամբ աշխատած է որպէս «Նայիրի» հրատարակչութեան տնօրէն եւ Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող։ 1999-ին ստացած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի գիտական աստիճան։ 2007-էն ի վեր զբաղեցուցած է Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնը։ 2014-էն ի վեր Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ է։

Հրաչեայ Թամրազեանը բազմաթիւ մենագրութիւններու եւ գիտական յօդուածներու ու ուսումնասիրութիւններու հեղինակ է։ Անոր ուսումնասիրութիւնները կ’առնչուին միջնադարագիտութեան՝ մասնաւորապէս նարեկացիագիտութեան բնագաւառին։

Հրաչեայ Թամրազեանը նաեւ ճանչցուած բանաստեղծ է, թարգմանիչ։ Անոր բազմաթիւ բանաստեղծական եւ թարգմանական ժողովածուները ջերմ ընդունելութեան արժանացած են ընթերցողներու եւ գրականագէտներու շրջանակէն ներս։ Անոր թարգմանութեամբ առանձին ժողովածուներով լոյս տեսած են Ս. Եսենինի, Վ. Մայակովսկու, Բ. Պաստեռնակի ստեղծագործութիւնները, «20-րդ դարասկզբի ռուսական բանաստեղծութիւնը» ժողովածուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment