Home ՍՓԻՒՌՔ Հալէպի Մէջ Զոհուած է Հայ Զինծառայող Յարութ Պաղտոյեան

Հալէպի Մէջ Զոհուած է Հայ Զինծառայող Յարութ Պաղտոյեան

by MassisPost

Հալէպի շուրջ  եղած   մարտերուն  ընթացքին  զոհուած  Յարութ Պաղտոյեանի մարմինը վաղը պիտի յանձնուի հողին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:

Նշենք, որ Ռաքքայի ծնունդ եւ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Հալէպ տեղափոխուած  հայ զինծառայողին ճակատագիրը,  շուրջ   մէկ ամիսէ ի վեր կը շարունակէր  մնալ անյայտ: 1992 թուականի ծնունդ Յարութ (հօր անունը՝ Մանուկ) Պաղտոյեան ասկէ շուրջ ամիս մը առաջ անհետացած է: Սուրիոյ բանակի զինուորը ծառայած էր Իտլիպ, Տարայա եւ Դամասկոս քաղաքներուն մէջ, ու ան վերջին անգամ տեսնուած է Հալէպի մէջ:

Նշենք, որ անցնող մէկ ամսուան ընթացքին այս երկրորդ պարագան է, որ կը գրանցուի  եւ 3 շաբաթ առաջ Յարութ Քահքէճեան անունով հալէպահայ այլ զինուոր մը նոյնպէս անհետացած էր: Քահքէճեան կը մասնակցէր Հալէպի «Ալ Հըքմէ» վարժարանի շրջանի  պաշտպանութեան մարտերուն, եւ անոր հետքը կորսուած է անցնող  1 օգոստոսէն ի վեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment