Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Հայաստանի Պատմութիւնը Աշխարհին կը Ծանօթացնէ ԱՄՆ-ի Smithsonian-ը

Հայաստանի Պատմութիւնը Աշխարհին կը Ծանօթացնէ ԱՄՆ-ի Smithsonian-ը

by MassisPost
Մոլլի Ֆաննոն

Մոլլի Ֆաննոն

Հայաստանը ունի շատ հարուստ ու երկնային մշակութային ժառանգութիւն. ատիկա ոչ միայն մշակութային գլուխգործոցներն են, այլեւ` մարդոց կենսակերպը, բանաւոր պատմուածքները, պարը, կենցաղն ու սնունդը:

Հայաստանը ունի հարուստ մշակոյթ, «Ամերիկայի Ձայն»-ին պատմած է Մոլլի Ֆաննոն` աշխարհահռչակ Smithsonian ամերիկեան հաստատութեան միջազգային կապերու բաժինի ղեկավարը. «Հայաստանի պարագային ատիկա ոչ միայն մշակութային գլուխգործոցներն են, այլեւ` մարդոց կենսակերպը, բանաւոր պատմուածքները, պարը, կենցաղն ու սնունդը»:

Ըլլալով համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան պահպանման առաջատարը, Smithsonian-ը Հայաստանի հին ու հարուստ մշակոյթը ուշադրութեամբ Կ’ուսումնասիրէ ու կը փորձէ պահպանել եւ աշխարհին փոխանցել: Այդ նպատակով ԱՄՆ-ի կառավարութեան նիւթական աջակցութեամբ` Smithsonian հաստատութիւնը, Հայաստանի կառավարութեան հետ համատեղ, նախաձեռնած է «Իմ Հայաստանը» նախագիծը.

«Իմ Հայաստանը» նախագիծին հիմք պիտի ծառայէ մշակութային ժառանգութեան հիմնարար տարրը` պատմուածքները: Մենք կը պատմենք հայկական ուտեստներու, կենցաղի, արուեստի, կրօնի մասին պատմուածքները ողջ աշխարհին»:

Համագործակցութեան ծիրին մէջ` Smithsonian-ի կողմէ այս ամառ ԱՄՆ-ի մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուած մշակութային փառատօնին` երգերով հանդէս եկած էին հայկական երկու խումբեր` «Թմբաթա»-ն Երեւանէն եւ «Armenian Public Radio»-ն Քալիֆորնիայէն: Բայց ատիկա դեռ ամէնը չէ, Smithsonian-ը կը նախատեսէ Միացեալ Նահանգներու մէջ 2018 թուականի մշակութային փառատօնը ամբողջութեամբ նուիրել Հայաստանին:

«Մենք Հայաստանի մշակոյթը պիտի ներկայացնենք մշակութային փառատօններուն, Հայաստանին նուիրուած ցուցահանդէսներ կազմակերպելու մեր թանգարաններուն մէջ այստեղ եւ աշխարհով մէկ, կը նախատեսենք նոյնիսկ այդ ցուցահանդէսներուն ընթացքին` Հայաստանէն հրաւիրուած մասնագէտներու շնորհիւ` թանգարաններուն մէջ ստեղծել իսկական հայկական մշակութային մթնոլորտ», ըսած է Մոլլի Ֆաննոն:

Յատուկ ուշադրութիւն պիտի յատկացուի հայ երիտասարդները մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործընթացին մէջ ներգրաւման:

«Հայ երիտասարդութեան ներգրաւումը այս գործընթացին մէջ կենսական նշանակութիւն ունի, քանի որ նպատակներէն մէկը հայ առաջնորդներու յաջորդ սերունդի զարգացումն է»,- ըսած է Smithsonian-ի ներկայացուցիչը:

Մոլլի Ֆաննոնի խօսքով, այդ գործին մէջ հաստատութեան հիմնական գործընկերն է Երեւանի մէջ գործող Ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու ԹՈՒՄՕ կեդրոնը, որուն յաջողութիւնները ուղղակի հիացուցած էին Ուաշինկթընի մէջ բոլոր գործընկերները.

«ԹՈՒՄՕ-ն կրնայ օրինակ ծառայել ամբողջ աշխարհի մէջ դպրոցականներու մշակութային զարգացման կազմակերպման համար: Մենք կը սորվինք ԹՈՒՄՕ կեդրոնէն եւ այդ փորձը կը կիրառենք այստեղ»:

Smithsonian հաստատութեան գործունէութեան նպատակներէն մէկն է նաեւ ցոյց տալ, որ մշակոյթը ոչ միայն արժէք է ինքնին, այլեւ կրայ տնտեսական օգուտ բերել երկրին եւ տեղական համայնքներուն.

«Մենք կ’ուզենք զարգացնել Հայաստանի մշակութային ոլորտը` կապելով զայն զբօսաշրջութեան` նոր աշխատատեղեր ստեղծելով մշակութային զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ»:

Եթէ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ գտնուող մշակութային ժառանգութիւնը հասանելի է արտերկրեայ զբօսաշրջիկներուն, ուրեմն Հայաստանի միւս շրջաններուն մէջ գտնուող արուեստի ու մշակոյթի գլուխգործոցներուն զբօսաշրջիկները յաճախ կամ անծանօթ կը մնան, կամ ալ` կ’այցելեն անոնց քանի մը ժամով: Իբրեւ արդիւնք` տեղի բնակչութիւնը որեւէ օգուտ չի ստանար զբօսաշրջիկներու բազմութենէն:

«Մեր նպատակն է ոչ թէ Երեւան այցելող զբօսա շրջիկներուն հոսքը շրջաններ տեղափոխել, այլ Հայաստան նոր զբօսաշրջիկներ բերել, որոնք հիմնական ժամանակը պիտի անցնեն ոչ թէ Երեւանի մէջ այլ` մայրաքաղաքէն դուրս` ծանօթանալով հայկական ժողովրդական մշակութային ժառանգութեան»,- պատմած է Ֆաննոն:

Նախագիծին ծիրին մէջ կը նախատեսուի նաեւ 3D ֆորմաթով թուայնացնել հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան գլուխգործոցները: Մոլլի Ֆաննոնի խօսքով, ատիկա աւելի պիտի հետաքրքրէ հաւանական զբօսաշրջիկները Հայաստան այցելելու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment