Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յառաջիկայ Համապետական Ընտրութիւններուն 4+4+4 Ձեւով Համաձայնուած Փոփոխութիւնները Չեն Գործեր

Յառաջիկայ Համապետական Ընտրութիւններուն 4+4+4 Ձեւով Համաձայնուած Փոփոխութիւնները Չեն Գործեր

by MassisPost

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի արտակարգ նիստին այսօր պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ իշխանութեան, ընդդիմութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ 4+4+4 պայմանական ձեւով տեղի ունեցած բանակցութիւններուն որպէս արդիւնք Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները յառաջիկայ համապետական ընտրութիւններուն պիտի չիրագործուին:

ԿԸՀ նախագահ Տիգրան Մուկուչեան նշեց, որ երեք օր առաջ կառավարութենէն տեղեկացած են, որ տեխնիկական ապահովումն իրականացնող լեհական ընկերութիւնը գործընթացը չի կրնար սկսիլ մինչեւ Սեպտեմբեր 1-ը, զոր օրէնքով կը պահանջուէր:

«Նոր եղականով գործընթացներին մեկնարկ ուղղակիօրէն տրուել չի կարող: Եւ հենց նշուածով պայմանաւորուած՝ ես կարծում եմ, որ այս պայմաններում ուղղակիօրէն Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը չի կարող համարել, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան Ընտրական օրէնսգրքում փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան ՀՕ 120-Ն որոշմամբ նախատեսուած գործառոյթները կատարուած են այն ծաւալով, ինչը հնարաւորութիւն կը տար վերջինիս ընդունելու համապատասխան որոշում, որով այդ օրէնքի կանոնակարգումները կը մտնէին ոյժի մէջ»:

4+4+4 ձեւով ամիսներ տեւած քննարկումներու արդիւնքով այս տարուան Յունիս 30-ին ընդունուած Ընտրական օրէնսգիրքը կրկին փոփոխութեան ենթարկուեցաւ: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը պարտաւորուեցաւ միջազգային նուիրատու կազմակերպութիւններու ֆինանսաւորմամբ մինչեւ Սեպտեմբեր 1-ը սկսիլ փոփոխութիւններու գործընթացը, որուն համաձայն ընտրողներուն պէտք է անվճար տրամադրուէին նոյնականացման քարտեր, ձեռք բերէին տասը մատնահետքերը ստուգող սարքաւորումներ եւ ստեղծուեր այդ մատնահետքերու տուեալներուն միասնական պահոց:

Տիգրան Մուկուչեան հրապարակեց Հայաստանի կառավարութենէն ստացած նամակը, եւ պարզուեցաւ, որ Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններէն ընդամէնը մի քանի օր անց՝ Յուլիս 8-ին իշխանութիւններն արդէն տեղեկացած են գործընթացի անհնարինութեան մասին:

«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Մուկուչեան պարզաբանեց․ – «Գրութեան մէջ նշուած է, որ դա, ըստ էութեան, եղել է մի գրութիւն, յետոյ նորից նոր գրութիւն է ուղարկուել: Եղել է բաւականին մեծ քննարկման շրջան․․․ դիմել են, ստացել համապատասխան պատասխան, որից յետոյ՝ նոր քննարկումներ, նոր նամակ: Այսինքն դա եղել ա մի ամբողջ գործընթաց՝ հասկանալու համար, որ արդեօ՞ք հնարաւոր է սահմանուած ժամկէտներում մեկնարկել այդ գործընթացը, թէ՞ ոչ»:

Թէեւ 4+4+4 ձեւով բանակցութիւններուն մասնակցած Հայ Ազգային Քոնկրեսն ու «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը կը յայտարարեն, որ գործընթացը տապալուած է, սակայն, կը նշեն, որ Հանրապետական կուսակցութեան հետ այժմ քննարկում քուէարկած են՝ անձերու ցուցակները հրապարակելու հարցը:

Այս գործառոյթը պէտք է իրականացնէ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը: Տիգրան Մուկուչեան, սակայն, «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ բանակցութիւններէն տեղեակ չէ, սակայն, եթէ նման որոշում կայանայ, յանձնաժողովը պարտաւոր կ՛ըլլայ կեանքի կոչել այն․ – «Ցանկացած որոշում, ըստ էութեան, ձեւակերպուելու է օրէնքի տեսքով, որովհետեւ Ընտրական օրէնսգրքում ամրագրուած են կանոնակարգումներ, եւ եթէ այդ գործընթացի հետ կապուած նոր մօտեցումներ են ամրագրւում, ապա բնական է, դրանք պէտք է լինեն արդէն Ընտրական օրէնսգրքի իրաւադրոյթներ: Եէ ինչպէս բոլոր իրաւադրոյթները, այդպէս էլ այդ առաջարկութիւնը, որոնք արդէն կը դառնան Ընտրական օրէնսգրքի իրաւակարգաւորումներ, միանշանակ է՝ դրանք պարտադիր են լինելու»:

Ընտրական օրէնսգիրքի բանակցուած փոփոխութիւններուն համար կը պահանջուէր 16 միլիոն եւրօ, եւ հակառակ ընդդիմադիրներուն պնդման, թէ անհրաժեշտ գումարը դեռ նախորդ ամսուընէ առկայ է, Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանը ԿԸՀ նախագահին ուղարկած նամակին մէջ նշած է, թէ «այդ հանգամանքը հաստատող փաստաթուղթ գոյութիւն չունի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment