Պրազիլի Ռիօ Տէ Ժաներօ ծովափնեայ քաղաքին մէջ իր աւարտին հասաւ 31-րդ ամառնային Ողիմպիականը:
17 օրերու վրայ երկարող ու տասնեակներով մարզաձեւեր ընդգրկող խաղերու ընթացքին, աշխարհի տարբեր երկիրներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութեան, համերաշխութեան ու բարեկամութեան պատգամը մարմնաւորուեցաւ, միաժամանակ շնորհելով ազգային հպարտութեան պահեր` բարձրագոյն նուաճումներու հասնող երկիրներուն համար:
Խաղերուն մասնակցող 206 երկիրներուն մէջ փոքրիկ Հայաստանը գրաւեց 42-րդ տեղը` ապահովելով մէկ ոսկի եւ երեք արծաթ մետալներ:
Առօրեայ մտահոգութիւնները եւ ներքին քաղաքական հարցերը պահ մը մոռնալով, Հայաստանի ժողովուրդը ու իր հետ նաեւ սփիւռքահայութիւնը, ուշի-ուշով հետեւեցան Ռիոյէն հասնող լուրերուն: Առաջին մէկ շաբթուայ ընթացքին բոլորիս յուսախաբութիւնը մեծ էր: Մէկը միւսին ետեւէն պայքարէն դուրս մնացին Հայաստանի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ: Շուտով սակայն, այդ յուսախաբութիւնները վերածուեցան ցնծութեան, երբ Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան եկաւ, անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ երկրորդ ոսկէ մետալը շնորհելու Հայաստանին: Իսկ, երկրորդ ոսկի մը խլուեցաւ Հայաստանէն, կողմնակալ բացայայտ մրցավարութեան եւ միջազգային այլեւայլ հաշիւներու պատճառաւ:
Ըմբիշ Միհրան Յարութիւնեան զրկուեցաւ պատուոյ հարթակի բարձրագոյն աստիճանին կանգնելու պատիւէն, հակառակ որ ան տիրապետեց իր մրցակիցին: Մրցավարը երկու յաջորդական զգուշացում տալով հայ մարզիկին, մէկ կէտ շնորհեց մրցակիցին: Իսկ, երբ մենամարտը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով, պատահեցաւ աւելի զարմանալին: Քանի որ վերջին կէտը արձանագրուած էր սերպիացի ըմբիշի օգտին, ոսկին եւս շնորհուեցաւ անոր, որու ազգակից Սերպ մը, կը վարէ Յունահռոմէական ըմբշամարտի միջազգային ընկերակցութեան նախագահի պաշտօնը: Այս հանգամանքը եկաւ աւելի ամրապնդելու կասկածները` մրցավարներու կողմնակալութեան պատճառներու մասին:
Դժբախտաբար Հայաստանի Ողիմպիական Կոմիտէն մինչեւ օրս պաշտօնական բողոք չէ ներկայացուցած այս անարդար որոշումին առթիւ, իսկ աշխարհի տարբեր կողմերէն, հայ եւ ոչ հայ, հազարաւոր մարզասէրներ կը պահանջեն, որ ոսկի մետալը վերադարձուի արժանիին` Հայ մարզիկին:
՚«ՄԱՍԻՍ»