Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ «Մարտիրոսները» (Les Martyres) Օփերան

«Մարտիրոսները» (Les Martyres) Օփերան

by MassisPost

Ասատուր Կիւզելեան

Կաեթանոյ Տոնիզեթթիի «Մարտիրոսները» հայերուս  համար ունի յատուկ նշանակութիւն, քանի որ օփերայի գործողութիւնները տեղի կ’ունենան Հայաստանի մէջ, հռոմէական տիրապետութեան շրջանին, ուր  քրիստոնէութիւնը գաղտնօրէն բաւական տարածուած էր։ «Մարտիրոսները» կը բնութագրէ Հայաստանի մէջ քրիստոնեաներուն հալածանքն ու նահատակութիւնը, ինչպէս նաեւ նորածին այդ կրօնքը, որուն գաղափարախօսութիւնը Հռոմի շահերուն խոտոր կը համեմատէր ՝ արմատախիլ ընելու հռոմէական Կայսրութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը։

«Մարտիրոսները» Տոնիզեթթիի «Պողիկտոս» (Poliuto) օփերայի վերամշակուած տարբերակն է, զոր ան գրած էր իտալերէնով Նափոլիի մէջ, ուր գրաքննութիւնը արգիլած էր անոր բեմադրութիւնը։

Տոնիզեթթին երբ Փարիզ հաստատուեցաւ, «Պողիկտոս»ը հիմնովին վերամշակեց, բնագիրը փոխեց ֆրանսերէնի  եւ անոր տուաւ «Մարտիրոսները» (Les Martyres) խորագիրը։ Բացի լեզուական փոփոխութենէն ՝ հեղինակը  նոր նիւթ աւելցուց բնագրին վրայ օփերան ֆրանսական մտայնութեան ու ճաշակին պատշաճեցնելու նպատակով։ Այդ առաջադրութենէն մղուած ՝ Տոնիզեթթին  ընդարձակեց նաեւ նուագախումբին ծաւալը, յաւելեալ ասերգներ կամ երաժշտազրոյցներ (repitatives) գրեց եւ ստեղծեց պալէի բաժին մը, որ 1840ականներուն շքեղ օփերաներու փարիզեան բեմադրութիւններուն պարտադիր մէկ մասը կը կազմէր։

Այս յօդուածը նպատակ չունի հանգամանօրէն ներկայացնելու Տոնիզեթթին եւ իր ստեղծագործութիւնները, այլ պարզապէս անդրադառնալու վերջին երկու տարիներուն «Մարտիրոսները» օփերային արձանագրած աննախընթաց յաջողութեան. յաջողութիւն ՝ որուն մէջ կարեւոր դեր ունեցան հայ ազգային երեք բարերարներ, յանձինս ՀՀ նախկին վարչապետ եւ այժմու լիազօր դեսպան Արմէն Սարգիսեանի, Վաչէ Մանուկեանի եւ Հայկ Տիտիզեանի, որոնց հովանաւորութեամբ ՝ 4  Նոյեմբեր 2014ին Օփերա Ռարան (Opera Rara) Արքայական Ֆեսթիվալ Համերգասրահին մէջ (Royal Festival Hall)

Սըր Մարք Էլտըր -Sir Mark Elder

Սըր Մարք Էլտըր -Sir Mark Elder

ներկայացուց «Մարտիրոսները» օփերայի համերգային տարբերակը, մասնակցութեամբ աշխարհահռչակ Orchestra of the Age of Enlightenment-ի , զոր ղեկավարեց անուանի խմբավար Սըր Մարք Էլտըր -Sir Mark Elder։

Գլխաւոր դերերը կատարեցին Ճոյս Էլ Խուրի -Pauline,  Տէյվիտ Քեմփսթըր – Severe  եւ Մայքըլ Սփայրս – Michael Spyres-Polyeucte։

Հովանաւորելով «Մարտիրոսները» օփերայի բեմադրութիւնը ՝ վստահ եմ մեր բարերար հայրենակիցներուն նպատակը եղած է միջազգային երաժշտական շրջանակներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել այն իրողութեան վրայ, որ Հայաստան եղած է քրիստոնէութեան բնօրրաններէն մէկը եւ հայ ժողովուրդը ապրած է եւ  իր մշակութային արժէքները ստեղծած ՝ հիմնուելով քրիստոնէական սկզբունքներու եւ արժէքներու վրայ։

Երաժշտական այս բացառիկ երեկոն արժանացաւ բոլոր քննադատներու անվերապահ գնահատանքին եւ աննախընթաց արձագանգ գտաւ միջազգային մամուլի եւ լրատուական գործակալութիւններու հաղորդումներուն մէջ։

Լոնտոնի մէջ արձանագրած իր յաջողութենէն յետոյ ՝ Օփերա Ռարան Տոնիզեթթի «Մարտիրոսները» բեմադրեց  կարգ այլ հռչակաւոր դահլիճներու մէջ եւս, իսկ 2015-ին ՝ հրապարակեց անոր ձայնագրութիւնը (CD)։

Տեղին է նշել որ իտալական դասական օփերայի այս հիանալի նմոյշին կրճատուած տարբերակը,»Պողիկտոս» անուամբ, Հայաստանի Օփերայի եւ պալէի ազգային թատրոնը  ներկայացուցած է  Տիգրան Լեւոնեանի բեմադրութեամբ  2001-ին ՝ քրիստոնէութեան Հայաստանի մէջ  պետական կրօնք հռչակման 1700ամեակի առիթով (տես ՝ «168 Ժամ»  22 Յունիս 2016)։

Այս տարի Տոնիզեթթիի «Մարտիրոսները» արձանագրեց յաղթանակ մը եւս, երբ 15 Մայիս 2016-ին, Լոնտոնի մէջ կայացած Միջազգային Օփերայի Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին անոր ձայնասկաւառակը (CD) արժանացաւ առաջին մրցանակի։

Ուրախութեամբ նշենք նաեւ որ անուանի երգիչ Գեղամ Գրիգորեանի դուստրը, օփերայի երգչուհի Յասմիկ Գրիգորեան, նոյն մրցանակաբաշխութեան ընթացքին շահեցաւ «երիտասարդ կին երգչուհի» բաժնի առաջնութիւնը։

Կաեթանոյ Տոնիզեթթի -Gaetano Donizetti

Կաեթանոյ Տոնիզեթթի -Gaetano Donizetti

Կաեթանոյ Տոնիզեթթի (Gaetano Donizetti)
Իտալացի աշխարհահռչակ կոմպոզիտոր Կ. Տոնիզեթթի ծնած  է Պերկամոյ, 29 Նոյեմբեր 1797 եւ մահացած ՝ 8 Ապրիլ  1848ին նոյն քաղաքին մէջ։ Գերմանացի կոմպոզիտոր Սիմոն Մայր Կաեթանոն փոքր տարիքէն կ’առնէ իր հովանիին ներքոյ ձրիաբար ընդունելով զայն իր իսկ հիմնած երաժշտական դպրոցը, ուր ան կը ստանայ մանրակրկիտ ուսում, յատկապէս բազմաձայն երաժշտական երկեր յօրինելու բարդ արուեստի բնագաւառէն ներս։ Դարձեալ Սիմոն Մայրի  ջանքերով ՝ Կաեթանոն կ’ընդունուի Պոլոնիայի Ակադեմեան, ուր դեռ հազիւ 19 տարեկան ՝ ան կը գրէ իր առաջին մէկ-արարնոց օփերան։ Իր կեանքի ստեղծագործական տարիներուն Տոնիզեթթին կը գրէ շուրջ եօթանասուն օփերա։ 1822ին Սան Քարլոյ թատրոնի հրաւէրով Տոնիզեթթի կը տեղափոխուի Նափոլի, ուր կ’ապրի մինչեւ Յունուար 1844։ Քսան երկու տարներու ընթացքին Նափոլիի Սան Քարլոյ թատրոնը կը բեմադրէ Տոնիզեթթիէն 51 օփերա։ 1840էն սկսեալ ան իր ստեղծագործական եւ բեմադրական աշխատանքները կը կատարէ Նափոլիի, Փարիզի, Հռոմի եւ Վիեննայի մէջ։ Բացի իր գործերէն ՝ Տոնիզեթթին կը բեմադրէ նաեւ ուրիշ կոմպոզիտորներու օփերաները։ 1843էն սկսեալ ծանր հիւանդութիւնը պատճառ կը դառնայ որ Տոնիզեթթին սահմանափակէ իր գործունէութիւնը։ 1846ին  զինք կը տեղափոխեն մտային հիւանդներու յատուկ հաստատութիւն մը, ուրկէ 1847ի աւարտին ՝ բարեկամները Տոնիզեթթին կը տեղափոխեն Պերկամոյ, ուր եւ կը վախճանի 1848 Ապրիլին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment