Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Հայաստանի Քաղաքացիական Նախաձեռնութիւնները Նամակ Գրած է Եւրոպական Յանձնաժողովին, Եւրոպական Կազմակերպութիւններու

Հայաստանի Քաղաքացիական Նախաձեռնութիւնները Նամակ Գրած է Եւրոպական Յանձնաժողովին, Եւրոպական Կազմակերպութիւններու

by MassisPost

Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները՝ «Ազատութիւն քաղբանտարկեալներ»ուն, «Սասնայ ծռեր», «Դաւիթ Սանասարեան» նախաձեռնութիւնները, որոնք բողոքում կը ներկայացնեն երկրին մէջ աշխուժօրէն պայքարողներուն կալանքին դէմ, Օգոստոս 16-ին նամակ յղած են Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար՝ Ժան Քլոտ Եունքերին, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքին, Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցին։

Նամակին մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է. «Մենք մտահոգուած ենք խաղաղ ցուցարարներու ապօրինի բանտարկութիւններուն կապակցութեամբ, որոնց կալանաւորած են Հայաստանի մէջ 2016-ի Յուլիս 29-ին։ Մենք յատկապէս մտահոգուած ենք հետեւեալ անձերուն կալանաւորման եւ ծեծի ենթարկելու հանգամանքով՝ Յովսէփ Խուրշուդեան («Ժառանգութիւն» կուսակցութիւն, PR մասնագետ), Դավիթ Սանասարյան («Ժառանգութիւն» կուսակցութիւն, մամուլի քարտուղար), Արմեն Մարտիրոսյան («Ժառանգութիւն» կուսակցութիւն, փոխնախագահ), Անդրիաս Ղուկասեան (նախագահի նախկին թեկնածու, «Ոտքի՛ Հայաստան» շարժման հիմնադիր), Դաւիթ Յովհաննիսեան («Ոտքի՛ Հայաստան» շարժման անդամ)»։

Քաղաքացիական նախաձեռնութիւնները նամակ յղած են նաեւ Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան ղեկավար Ժոզեֆ Տոլին. «Մենք նամակում կոչ ըրած ենք օգտագործել բոլոր լծակները ՀՀԿ իշխող քրէական կուսակցութիւնը ԵԺԿ–էն հեռացնելու համար, եւ պահանջել անմիջապէս վերջ դնել բռնութիւններուն։ Մենք կը սպասենք ձեր շուտափոյթ գործողութիւնները։ Ամբողջ աշխարհի հայերը կը սպասեն ձեր ջանքերը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment