Պոլսոյ Սուրբ Խաչ վարժարանի պատերուն հայութեան ուղղուած սպառնալից խօսքեր նկատուած են: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Տէմոքրաթ հապէր» կայքը: Աղբիւրը, որ նոյնպէս տեղադրած է վարաժարանի պատերուն այսօր առնուած ընդհանուր պատկերը նաեւ գրած է, թէ պատին վրայ գրուած է «Ձեզի բերած ենք Քիւրշաթ թագաւորի ատելութիւնը»: Կը նշուի նաեւ, որ միջին ասիացի Քիւրշաթ թագաւոր յայտնի էր իր ատելութեամբ:
Աղբիւրը նկատել կու տայ, որ գրութեան հեղինակները, կը ներկայանան որպէս Ապտիւլլահ Չաթլիի հետեւորներ, ու որպէս ապացոյց գրութեան տակ դրած են վերջինիս անունը: Նշենք, որ Չաթլի Թուրքիոյ ազգայանամոլ («Գորշ գայլեր» եւ այլ խմբաւորումներ) շրջանակներուն համար յայտնի է, իբրեւ եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ ԱՍԱԼԱ-ի դէմ գործողութիւններ կազմակերպած անձնաւորութիւն մը: