«Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի եւ Հայկական գորգի ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 20 Օգոստոսին, տեղի պիտի ունենայ հայկական գծագրուած եւ եկեղեցական կտաւներու նուիրուած դասախօսութիւն մը, ուր տեղ պիտի գտնէ նաեւ լուսանկարներու ներկայացում։
Արուեստի այս իւրայատուկ ոլորտի մասնագէտ Պերճ Աշճեան պիտի խօսի ընդհանրապէս Հնդկաստանի մէջ տարածուած այս կտաւներուն մասին, որոնց հայկական տարբերակները իրենց մէջ կը պարունակեն Հայց. եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ հայ իշխաններու եւ հարուստ առեւտրականներու ընտանիքներու պատմութեանց տուեալներ։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Արարատ տան» «Շին» մատուրին մէջ: