Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կառավարութիւններու միջեւ 2016 թուականի Յունիս 5-ին ստորագրուած քաղաքացիներու առանց մուտքի արտոնագիրի այցելութիւններու մասին փոխըմբռնման յուշագիրը ուժի մէջ է: Այդ մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութիւնը:
Փոխըմբռնման յուշագիրով Հայաստանի եւ Իրանի քաղաքացիները իրար տարածք մուտք գործելու, տարանցիկ անցնելու եւ գտնուելու համար կ՛ազատուին մուտքի արտոնագիր ապահովելու պահանջէն՝ 90 (իննսուն) օր չգերազանցող ժամկէտով՝ 180 (հարիւր ութսուն) օրուան ընթացքին: