Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանը Կը Կատարէ Իր Պարտականութիւնները Հայաստանին Ռազմամթերքի Մատակարարման Հարցով․ Փութին

Ռուսաստանը Կը Կատարէ Իր Պարտականութիւնները Հայաստանին Ռազմամթերքի Մատակարարման Հարցով․ Փութին

by MassisPost

Ռուսաստան կ՛աշխատի Հայաստանի հետ՝ ռազմամթերքի մատակարարման հարցով եւ կը կատարէ իր պարտականութիւնները, ՏԱՍՍ-ի փոխանցմամբ յայտարարած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը՝ Հայաստանի նախագահի հետ ունեցած համատեղ ասուլիսի ընթաղքին պատասխանելով Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին զէնքի մատակարարումներու մասին հայ լրագրողի հարցումին:

«Ի՛նչ կը վերաբերի սպառազինութեան, ապա մենք Հայաստանի հետ աշխատանքի ծրագիր ունինք»,- յայտնած է Փութին․ – «Հայաստան ՀԱՊԿ-ի անդամ է եւ մեր դաշնակիցը, մենք ունինք փոխադարձ պարտականութիւններ, եւ Ռուսաստանը իր պարտականութիւնը մշտապէս կը կատարէ»:

Ռուսաստանի ղեկավարը նաեւ աւելցուցած է, որ զէնքի վաճառքի ժամանակակից շուկայէն ներս որեւէ երկիր գործնականօրէն կրնայ որեւէ զէնք գնել:

«Եւ ըսենք, թէ այնպիսի երկիր, ինչպիսին Ազրպէյճանն է, նաւթ արդիւնահանող երկիր, արագ զարգացող տնտեսութիւն ունեցող երկիր, ոսկիի բաւականին մեծ ծաւալի պաշարներ ունեցող երկիր, ի հարկէ, ի վիճակի է զէնք գնել որեւէ տեղէ», – յայտնած է Փութինը՝ միաժամանակ աւելցնելով, որ խնդիրները պէտք է լուծուին խաղաղ ճանապարհով:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment