Ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցը կընքննարկուի Ազրպէյճան-Թուրքիա-Ռուսաստան ձեւով, այսօր յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուն՝ թուրքական TRT պատկերասփիւռի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին:
Թուրք նախարարը հաւաստիացուցած է, որ հարցը այդ ձեւով քննարկելը ձեռնտու է բոլոր կողմերուն։
Քիչ անց Չաւուշօղլուն թեմայի շուրջ առաւել մանրամասն խօսած է Anadolu լրատուական գործակալութեան հետ՝ յայտարարելով, որ Թուրքիան պատրաստ է օգնել կարգաւորել ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, քանի որ այն լուրջ սպառնալիք է ողջ տարածաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան համար։
«Մենք աւելի վաղ եւս ջանքեր գործադրել տուած ենք հակամարտութեան կարգաւորման հարցով», – յայտնած է թուրք նախարարը, որ անցեալ ամիս կը պատրաստուէր Անգարայի մէջ ընդունիլ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով զբաղուող Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ կոչ ընել անոնց՝ պաշտպանել Ազրպէյճանի դիրքորոշումը։ Հանդիպումը, սակայն, տեղի չունեցաւ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած ներքաղաքական բախումներու պատճառով։
Չաւուշօղլուի խօսքով՝ Անգարան այժմ կը քննարկէ Ռուսաստանի առաջարկները։ «Այդ նախաձեռնութիւնները կը համընկնին այն նախաձեռնութիւններուն հետ, որոնք ժամանակին մենք կ՛առաջարկէինք Հայաստանին՝ հակամարտութեան կարգաւորման բնաբանով։ Ինչպէս ռուսաստանցի, այնպէս ալ Ազրպէյճանցի եղբայրները կողմ են, որպէսզի Անգարան իր ներդրումը կատարէ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին», – յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը՝ վստահեցնելով, որ Անգարան իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ քայլեր կը ձեռնարկէ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։
Թուրքիա-Ազրպէյճան-Ռուսաստան համագործակցութեան ձեւը նախաձեռնողը, յիշեցնենք, պաշտօնական Անգարան է։
Թուրքիան Ղարաբաղեան Կարգաւորման Գործընթացին Մէջ Ընելիք Չունի. ՀՀ ԱԳՆ
Պաշտօնական Երեւանն արձագանքած է Չաւուշօղլուի այս յայտարարութիւններուն: «Թուրքիան անելիք չունի ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացում, news.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Տիգրան Բալայեան: «Մենք շարունակում ենք համոզւած մնալ, որ Թուրքիան անելիք չունի ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացում։ Միակ օգուտը, որ կարող է լինել ամբողջութեամբ Ազրպէյճանամետ դիրքորոշում ունեցող Թուրքիայից՝ դա որքան հնարաւոր է հեռու մնալ կարգաւորումից»,- նշած է Բալայեանն ու աւելցուցած՝ «Չաւուշօղլուի նախորդը եւս փորձեր է կատարել խառնւել, բոլորս գիտենք, թէ դա ինչով աւարտւեց»:
Դեռեւս թուրք-ռուսական լարուած յարաբերութիւններու պայմաններուն Անգարան չէր թաքցներ Կրեմլի հետ հաշտուելու պարագային այդ նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչելու իր ցանկութիւնը։ Պաքուն վաղուց հաւանութիւն տուած է համագործակցութեան այդ նոր ձեւին։ Անցած ամիս Թուրքիոյ դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավարի՝ Ազրպէյճան այցի ընթացքին, կողմերը մանրակրկիտ քննարկած են այդ հարցը։
Երէկ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Փութին-Էրտողան շուրջ երկու ժամ տեւած բանակցութիւններու օրակարգային հարցերէն մէկը, ըստ Չաւուշօղլուի, ղարաբաղեան հարցի շուրջ Ռուսաստան-Ազրպէյճան-Թուրքիա ձեւի քննարկում կազմակերպելն էր։
«Ռուսաստանի նախագահը նոյնպէս դրական արձագանքած է», – կը փոխանցէ Չաւուշօղլուն՝ մանրամասնելով, երբ Էրտողանը Պութինին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հնչեցուցած է այդ առաջարկը, ան առանց մտածելու ընդունած է։