Փոխզիջման հասնիլ, կը նշանակէ տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնորոշման սկզբունքներու միջեւ լաւագոյն հաւասարակշռութիւնը գտնել, Պաքու կատարելիք այցի նախօրէին ազպէյճանական Azertag-ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը՝ անդրադառնալով ղարաբաղեան հիմնախնդիրին։
«Կարգաւորման վերջնական նպատակը պէտք է համաձայնութիւն ըլլայ, որուն արդիւնքով կողմերէն ոչ մէկը իրեն չզգայ յաղթող կամ պարտուող, զիջումները փոխադարձ պէտք է ըլլան, իսկ կողմերու օգուտները պէտք է հասկանալի, ընկալելի ըլլան եւ՛ Ազպէյճանի, եւ՛ Հայաստանի հանրութեան», – հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Փութինը։
Ռուսաստանի ղեկավարին խօսքով՝ Մոսկուայի մէջ կը գիտակցին պատասխանատուութեան այն չափը, որ ինկած է Ազպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու ուսերուն եւ կ՛ողջունեն կառուցողական մօտեցումը, որն առկայ էր Յունիս 30-ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած նախագահներու վերջին հանդիպման ընթացքին։
Ռուսաստանի նախագահը նաեւ կարեւորելով ընդգծած է, որ Ռուսաստանի ուղղակի միջնորդութեամբ 1994 Մայիսին կնքուած է կրակը դադարեցնելու մասին համաձայնագիր, զոր, անոր խօսքով, մինչ այսօր կը մնայ զինադադարի հիմքը:
Փութինը յիշեցուցած է նաեւ 2008-ին Մետվետեւի միջնորդութեամբ կնքուած այսպէս կոչուած Մայնտորֆեան կամ Մոսկովեան հռչակագիրը՝ ընդգծելով, որ այն մինչ օրս կը մնայ միակ փաստաթուղթը, որու տակ ստորագրած են Հայաստանի եւ Ազպէյճանի նախագահները։
Ռուսաստանի նախագահը նաեւ շեշտած է, որ ապրիլեան լայնամասշտաբ ռազմական գործողութիւններու դադարեցման գործին մէջ Ռուսաստանը ունեցած է վճռական դերակատարութիւն: Ասով մէկտեղ, Փութինը մոլորութիւն անուանած է տարածուած այն կարծիքը, թէ Ռուսաստանը կը փորձէ մենաշնորհել ղարաբաղեան բանակցութիւնները: Ծաւալուն այս հարցազրոյցին մէջ Ռուսաստանի եւ Ազպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները Փութինը կը որակաւորէ որպէս ռազմավարական գործընկերութիւն, որուն հիմքին մէջ գոյութիւն ունի բարեկամութեան, իրար հետաքրքրութիւնները յարգելու, ընդհանուր պատմութեան եւ մշակոյթի երկարամեայ աւանդոյթը։