Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնումէն ի վեր երկրի մարզական պատուիրակութիւնը կը համարուի մեծագոյնը, որ կը մասնակցի օրերս կայացուելիք Պրազիլիոյ Ողիմպիականին: Նշենք, որ այս տարուան խաղերուն կը մասնակցին 206 երկիրներու 10500 մարզիկներ: 2016-ի Ողիմպիականին աննախադէպ է նաեւ Հայաստանի մարզական պատուիրակութեան մասնակցութիւնը:
Նշենք, որ 33 մարզիկներով Հայաստանի Ողիմպիական պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի 8 մարզաձեւերու: Ըստ հայրենի մարզական լրագրողներու Հայաստանի մարզիկներու պատուիրակութիւնը կը համարուի ուժեղագոյնը մեր երկրի մարզական ոլորտի պատմութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ռիօ 2016-ը անկախ Հայաստանի 6-րդ Ողիմպիականն է: 1992-էն սկսեալ Հայաստան նուաճած է 12 մետալներ, 1 ոսկեայ, 2 արծաթէ եւ 9 պրոնզէ: Մինչեւ օրս Հայաստանի Ողիմիական միակ ախոյեանն է Արմէն Նազարեանը, որ Ոսկեայ մտալ նուաճած է 1996 թուականին:
Մարզական այս խաղերուն հետեւող մասնագէտներուն համար Հայաստանի մարզիկները այս տարուան խաղերուն պիտի շահին 3 մետալներ, թէեւ մեր բոլորին ակնկալիքները շատ աւելի են: