Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սարի Թաղի Բռնարարներէն Երկուքը Ոստիկանապետի Պահակախումբէն Են

Սարի Թաղի Բռնարարներէն Երկուքը Ոստիկանապետի Պահակախումբէն Են

by MassisPost

Աշխատանքէն Հեռացուած են Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան եւ Ոստիկանութեան Բարձրաստիճան Պաշտօնեաներ

Լրագրող Թեհմինէ Ենոքեանի տեղեկութիւններով՝ Սարի թաղի մէջ լրագրողներուն ու ցուցարարներուն նկատմամբ բռնութիւն գործադրած քաղաքացիական հագուստով անձերէն առնուազն երկուքը ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեանի պահակախումբի անդամներ են:

Համադրելով «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցին վրայ տեղադրուած լուսանկարները Յուլիս 29-ի գիշերուան շրջանակներուն հետ, լրագրողը նոյնականացուցած է հրապարակային տարբեր միջոցառումներու ժամանակ ոստիկանապետի կողքը կանգնած Արշակ անունով տղամարդ մը եւ «Ֆէյսպուք»-ի վրայ Գագո Զոհրաբեան անունով ներկայացող մէկ ուրիշ մը: Յատկապէս ան է, որ գրեթէ ամէն տեղ ուղեկցած է Վլադիմիր Գասպարեանին:

Լուսանկարները հրապարակելէ ետք Թեհմինէ Ենոքեան սկսած է ընկերային ցանցով սպառնալիքներ եւ սեռական բնոյթի հայհոյանքներ ստանալ, իր կարծիքով, կեղծանունով գրանցուած օգտատիրոջմէն:  «Հաշւեյարդար կարող են տեսնել, որովհետեւ իրենց լուսանկարների փաթեթն եմ էսպէս բացայայտել»,-կ՛ըսէ լրագրողը:

«Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում» կազմակերպութեան համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեանի կարծիքով, նոյնականացումները միանգամայն համոզիչ են, դէմքերը՝ յստակ ճանաչելի: «Մենք արդէն չենք զարմանում, երբ քրէական հետախուզման ֆունկցիաները Հայաստանում իր վրայ է վերցնում քաղհասարակութիւնը: Մենք դա տեսնում ենք ընտրութիւնների ժամանակ, նաեւ հիմա, երբ պէտք է գտնել այդ քաղաքացիական անձանց»,- «Ազատութեան» ըսած է Իոաննիսեանը:

ՊՊԾ գունդի շուրջ ստեղծուած ճգնաժամէն ետք աշխատանքէն հեռացուած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) եւ Ոստիկանութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Թէեւ օրերս նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած էր իրաւապահ մարմիններուն ճգնաժամի հանգուցալուծման հետ կապուած գրագէտ աշխատանքի համար, յայտնի դարձած է, որ զինուած խումբին կողմէ ՀՀ ոստիկանութեան պարեկապահակային գունդի տարածքի գրաւման պատճառով ստեղծուած ճգնաժամի հանգուցալուծումէն օրեր ետք աշխատանքէ հեռացուած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ ոստիկանութեան չորս բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։

Պաշտօնանկ եղած են Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէնի առաջին տեղակալ Հրանդ Եպիսկոպոսեանը եւ ԱԱԾ քննչական վարչութեան պետ Մնացական Մարուքեանը։

Եթէ Եպիսկոպոսեանի հեռացման հարցին շուրջ որեւէ պատճառ չի նշուիր, ապա Մարուքեան, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, թոշակի անցած է ։

Փոփոխութիւններ կան նաեւ ոստիկանական համակարգէն ներս․ երէկ յայտնի դարձաւ, որ պաշտօնանկ եղած է Ոստիկանութեան Էրեբունիի բաժինի պետ Գէորգ Յակոբեանը:

Պաշտօնանկ եղած է նաեւ Ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժինի ղեկավար Արմէն Վաթեանը՝ Յունիս 19-ին Սարի թաղի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն պատճառով։ Ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան պետը պարզաբանեց՝ «ծառայողական պարտականութիւնները ոչ պատշաճ կատարելու համար, որի արդիւնքում քաղաքացիներ եւ ոստիկաններ են տուժել, նաեւ միջադէպ է արձանագրւել լրագրողի մասնակցութեամբ»։

Իրաւապաշտպան Ժաննա Ալեքսանեան ծիծաղելի կը համարէ բաժինի պետերու այս փոփոխութիւնները։

«Նրանք ուզում են ցոյց տալ, որ ինչ-որ փոփոխութիւն են կատարում, ինչը շատ ծիծաղելի է ուղղակի, որովհետեւ հրամանը իջեցւում է եւ ցանկացած ոստիկան դա կատարում է», – կարծիք յայտնել է Ալեքսանեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment