Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ըստ Haberler Կայքին Կիւլէնականները 14 Օգոստոսին Նոր Քայլեր կը Նախապատրաստեն

Ըստ Haberler Կայքին Կիւլէնականները 14 Օգոստոսին Նոր Քայլեր կը Նախապատրաստեն

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ ընկերային ցանցերու վրայ լուրեր կը  տարածուին  այն մասին, որ 14 Օգոստոսին երկրէն ներս նոր զարգացումներ կը սպասուին: Այս մասին տեղեկացնող թրքական «Haberler» լրատուական կայքը կը նշէ, որ ընկերային ցանցերու մէջ այդ ամսաթիւը կը շրջանառուի Կիւլենական համայնքի ներկայացուցիչներու գրառումներուն մէջ:

Կայքը կը գրէ, որ 15 Յուլիսին տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման  ձախող փորձէն առաջ կիւլէնականները ընկերային ցանցերու մէջ տարբեր գրառումներով, համայնքին պատկանող լրատուամիջոցներուն գաղտնագրուած կերպով տեղեկացուցած էին 15 Յուլիսին սպասուող իրադարձութիւններու մասին: Որպէս օրինակ կը նշուի նախապէս կիւլենականներուն պատկանող «ZAMAN» թերթի կայքին մէջ 9 ամիս առաջ ցուցադրուած գովազդը:

14 Օգոստոսին նոր քայլեր նախապատրաստելու հիմնաւորում կը բերուի կիւլէնական շարժման առաջնորդ, իսլամ յայտնի քարոզիչ ամերիկաբնակ Ֆէթհիւլլահ Կիւլէնի վերջին հարցազրոյցէն հատուած մը, ուր ան համայնքի անդամներուն կոչ ըրած է ատամները սեղմել եւ համբերել: Մէկ այլ ապացոյց կը ներկայացուի յեղաշրջման փորձէն ետք ձերբակալուած կառավարութեան նախկին աշխատակից, կիւլէնական համայնքի ներկայացուցիչ Մուսթաֆա Քոչյըղըթի «թուիթըր»եան գրառումը: Ան ձերբակալուելէն առաջ հետեւեալ գրառումը ըրած է. «Կը հանդիպինք 14 Օգոստոս, 2016-ի բարով մնաք»:

Յիշեցնենք, որ 15 Յուլիսին Թուրքիոյ մէջ ռազմական յեղաշրջման փորձ  տեղի ունեցած էր: Թուրքիոյ իշխանութիւնները՝ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ յեղաշրջման փորձ կազմակերպելու մէջ մեղադրեցին կիւլէնական համայնքն ու անոր ղեկավար Ֆէթհիւլլա Կիւլէնը: Վերջինս հերքած է իր մասնակցութիւնը յեղաշրջման փորձին՝  իրադարձութիւնը  անուանելով հոլիվուտեան ֆիլմի բեմականացում:

Էրտողան – Ան, Որ Կիւլէնի Մեղսակցութիւնը Չի Տեսներ Կոյր Է
Թուրքիոյ նախագահը անգամ մը եւս խօսած է ԱՄՆ ապաստանած Թուրք կրօնական գործիչ Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի արտայանձնման մասին: Էրտողան, որ խօսած է «Թէլէվիզա» մեքսիքական կայանին ըսած է, թէ ան որ չի տեսներ Թուրքիոյ մէջ եղած յեղաշրջումին Կիւլէնի մասնակցութիւնը եւ գլխաւոր դերակատարութիւնը կոյր է: Ան նաեւ յայտնած է, թէ իրենք կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ եւ երբ Միացեալ Նահանգներ փաստաթուղթեր կը պահանջէ Կիւլէնը յանձնելու համար այն ատեն, անոնք պատուարներ դրած կ’ըլլան Թուրքիոյ ահաբեկչութեան դէմ տարած պայքարին առջեւ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment