Ըստ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին այսօր Երեւանի տարբեր շրջաններուն մէջ ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է հարիւրաւոր քաղաքացիներ: Աղբիւրը նաեւ նկատել կուտայ, որ բերման ենթարկուածներու թիւը կարելի չէ ճշդել եւ այն կրնայ հասնիլ հարիւրներու: Կը հաղորդուի նաեւ, որ բերման ենթարկուած է նաեւ նախկին Լիբանանահայ այժմ գանատաբնակ դերասանուհի՝ Արսինէ Խանճեան (կինը բեմադրիչ՝ Ատոմ Էկոյեանին), ինչպէս նաեւ տասնեակ սփիւռքահայեր, որ այս օրերուն կը գտնուին Երեւան եւ մասնակից եղած են բողոքի հաւաքներուն:
Միւս կողմէ ընդդիմութեան կողմէ կազմուած «Հակաճգնաժամային խորհուրդ»ը յայտնած է, որ յայտնի պատճառներով բողոքի այսօրուան հաւաքը փոխադրուած է «Ազատութիւն» հրապարակ:
ՊՊԾ Կեդրոնէն ներս կան այլ վիրաւորներ. Բժիշկներու պատանդառման մասին հակասական տեղեկութիւններ
Էրէբունիի ՊՊԾ կեդրոնէն ներս երէկ ուշ երեկոյեան եղած փոխ- հրաձգութիւնէն ետք հիւանդանոց փոխադրուած վիրաւորներէն բացի կան այլ վիրաւորներ: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ նաեւ յայտնած են, որ խումբ մը բժիշկներ ընդառաջելով «Սասնայ ծռեր» տղոց կոչերուն վիրաւորները բուժելու նպատակով մուտք գործած են ՊՊԾ կեդրոն: Ըստ ոստիկանութեան բանբեր Աշոտ Ահարոնեանի կեդրոն մտած բժիշկները եւ անոնց օգնականները պատանդ առնուած են «Սասնայ ծռեր» խումբի տղոց կողմէ:
Մինչ Հայաստանի բժշկական հասարակութիւնը դատապարտած է դէպքը, անդին կը հաղորդուի, որ երէկ ուշ գիշերին եղած միջադէպին հետեւանքով վիրաւորեալներուն թիւը հասած է 14-ի, որոնց 6-ը «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամներ են: Նշենք, որ երէկ վիրավորում ստացած Պաւլիկ Արամ Մանուկեաններու իրավիճակը կը շարունէ մնալ ծանր: Անոնք վիրաբուժութեան ենթարկուած են եւ մինչ Արամ Մանուկեանի տրուած արհեստական շնչառութիւնը դադրեցուած է կը հաղորդուի, որ Պաւլիկ Մանուկեան տակաւին երկար ժամանակով արհեստական շնչառութիւն պիտի ստանայ:
Նշենք, որ եղած միջադէպէն ետք «Սասնայ ծռեր» խումբի 31 զինեալներէն 24 կը շարունակեն մնալ ՊՊԾ կեդրոնէն ներս: