Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Հզօր Պայթում մը Ցնցեց Գամիշլին. Զոհերուն Մէջ Հայեր Չկան

Հզօր Պայթում մը Ցնցեց Գամիշլին. Զոհերուն Մէջ Հայեր Չկան

by MassisPost

Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը այսօր ծանր  սպանդ մը կատարած է Գամիշլիի մէջ: Ըստ «Արեւելք» կայքին  «Մունիր  հապիպ» թաղամասին մէջ եղած ահաբեկչութիւնը արդիւնք  է ականուած կառքի մը  պայթումին, որուն հետեւանքով զոհուած են 44 անձեր եւ վիրաւորուած  տասնեակ  ուրիշներ Կը հաղորդուի նաեւ, որ պայթումը եղած է  քրտական YPG  խմբաւորման պատկանող  անցարգելի մը մօտ եւ պայթումի ուժգնութիւնէն հրկիզուած ու պայթած է շրջանին մէջ եղող  այլ  բեռնատար կառք մը:  Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, թէ  Գամիշլիի   մէջ   պայթումին հետեւանքով զոհուածներուն կամ վիրաւորներուն  մէջ հայեր չկան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment