Ղարաբաղեան սահմանային հատուածին վրայ հակառակորդի աշխուժացման կը նպաստեն Ատրպէյճանի ներքաղաքական զարգացումները: Այս մասին յայտնած է ԼՂՀ նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանը:
«Ընդհանուր առմամբ, Ատրպէյճանի ակտիւութիւնը որեւէ հանգամանքի հետ ուղղակիօրէն կապ չունի, սահմանին այդպիսի պահուածքն Ատրպէյճանի էութիւնն է ցոյց տալիս: Ատրպէյճանն ահաբեկչական, ֆաշիստական պետութիւն է, իսկ նման պետութիւններն այդպիսի պահուածք պէտք է ցուցաբերեն: Դա այդ հիւանդութեան ախտորոշման մի ձեւն է: Բայց կան որոշ զարգացումներ, որոնք էլ աւելի են խթանում նման պահուածքը: Եւ այս անգամ սահմանին ակտիւացումը ես կապում եմ Ատրպէյճանում իրականացուող սահմանադրական բարեփոխումների հետ»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեանը:
Ան ընդգծած է, որ, ըստ երեւոյթին, կը սկսի թագաժառանգին իշխանութեան մէջ երկարաժամկէտ հաստատելու «օփերացիա»ն: Ատրպէյճան կը փոխէ Սահմանադրութիւնը, նախագահի պաշտօնավարումը 7 տարի պիտի ըլլայ: Որեւէ սահմանափակում պիտի չդրուի եւ Ատրպէյճանի նախագահը կրնայ քանի մը անգամ ընտրուիլ: Առաջարկուած փոփոխութիւններուն համաձայն` կ’աւելցուի երկու փոխնախագահի պաշտօն եւ կը զօրացուի նախագահի հիմնարկը:
«Դրան հասնելու գործընթացը պահանջում է, որ հասարակութեան հետ աւելի ակտիւ աշխատանք տարուի: Պէտք է նշել, որ ատրպէյճանական հասարակութիւնն այդքան էլ դրական չի վերաբերում նման զարգացումներին, հետեւաբար նորից պէտք է շահարկուի արտաքին թշնամու կերպարը, պէտք է ցոյց տան, որ Արցախն ու Հայաստանն իրենց թշնամիներն են: Այսինքն` իրենց թալանը օրինականացնելու համար կրկին հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղելու միջոց ընտրւում է արտաքին թշնամին, տուեալ դէպքում Հայաստանն ու Արցախը»,-աւելցուցած է Դաւիթ Բաբայեան:
Բաբայեան նաեւ ընդգծած է, որ անկախ այն բանէն, թէ ինչ տեղի կ՝ունենայ Պաքուի մէջ, հայկական կողմը միշտ պատրաստ է: «Մեր բանակը միշտ պէտք է լինի ուժեղ, եւ հասարակութիւնն էլ` համախմբուած: Այդ ժամանակ մեզ հնարաւոր չի լինի յաղթել»,- եզրափակած է Դաւիթ Բաբայեանը:
Լուրի աղբիւր ՝ «Արմէնբրէս»