Շաբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2010-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին« Հայկազեան Համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հաճնոյ հերոսամարտի 90-ամեակին առթիւ գիտաժողով մը:
Մտաւորականներու եւ պատմասէրներու ընտրանիի մը առջեւ խօսք առնելով Անդրանիկ Տագէսեան ծանօթացուց գիտաժողովին նպատակը եւ անոր փոխանցելիք խորհուրդը գալիք սերունդներուն: Գիտաժողովի առաջին խօսք առնողը եղաւ Փարիզի Սորպոնի համալսարանէն վկայեալ, Սեն Տընիի համալսարանի ժէօփոլիթիքի ֆրանսական հիմնարկի հետազօտութեան բաժնի տնօրէն, Փարիզի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նուպարի մատենադարանի տնօրէն« ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ակադեմիայի անդամ, ցեղասպանութեան նուիրւած բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ դոկտ. Ռեմոն Յարութիւն Գէորգեանը:
Ան ներկայացուց Հաճնոյ 1915-ի բռնագաղթը: Ա. նիստին երկրորդ զեկուցողը եղաւ Արարատ պաշտօնաթերթի պատասխանատու խմբագիր` Ահարոն Շխրտըմեանը: Ան ներկայացուց գերման-թրքական փոխ յարաբերութիւնները եւ Հաճնոյ տեղահանութիւնը: Սոյն նիստին համադրողն էր տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան: Զեկոյցները աւարտելէ ետք տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան եւ քննարկում: Կարճ դադարէ մը ետք տեղի ունեցաւ գիտաժողովի երկրորդ նիստը` համադրող դոկտ. Լեւոն Նորտիկեան: Փրինսթոն համալսարանէն ինչպէս նաեւ Փենսիլվանիայի համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժնէն Մագիստրոս տիտղոսով վկայեալ բազմաթիւ պատմական ուսումնասիրութիւններու եւ յօդուածներու հեղինակ Արամ Արքուն ներկայացուց Հաճնոյ ցեղասպանութեան մասնակցողները պատժելու փորձերը 1918-1920 ինկած ժամանակամիջոցին: Ներկայիս Պերլին հաստատուած Կիլիկիոյ մասին պատմական գիրքերու հեղինակ, օսմանեան հայերու ժառանգութեան վերաբերեալ« Յուշամատեան կայքէջի խմբագրութեան պաշտօնը վարող դոկտ. Վահէ Թաշճեան ներկայացուց Ֆրանսան եւ Հաճընը. անխուսափելի պարտութեան մը ռազմավա-րութիւնը:
Գիտաժողովին երրորդ եւ վերջին զեկուցաբերներն էին լիբանանեան խորհրդարանի նախկին անդամ« պատմական գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեան: Ան ներկայացուց Հաճընն ու իր յեղափոխական ոգին£: Որմէ ետք Հայկազեան Համալսարանի ուսանողական հարցերու պատասխանատու ինչպէս նաեւ Հայկազեան Հայագիտական հիմնարկի պատասխանատու քարտուղար Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց Նոր Հաճնոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ տոմարները: Համադրող` Ահարոն Շխրտըմեան:
Յատկանշական էր գիտաժողովին հետեւող ունկնդիրներուն ոգեւորութիւնը: Դոկտ. Ռէմոն Գէորգեան ամփոփ տողերու մէջ կատարեց զեկոյցներուն արժեւորումը:
Հայկազեան Համալսարանի տնօրէն դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան վեր առաւ գիտաժողովին մասնակից զեկուցաբերներուն կատարած աշխատանքը« եւ նշեց թէ մասնակիցները անխտիր լրջօրէն պատրաստած էին իրենց ուսումնասիրութիւնները եւ միաժամանակ գնահատեց ներկաներուն մասնակցութիւնը: Ան մաղթեց որ այսօրինակ գիտաժողովներ աւելի յաճախակի տեղի ունենան Լիբանանի մէջ եւ այլուր:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

Prof. Yasar Cora Presents Informative Lecture on the SDHP in Late Ottoman Era

PASADENA, CA – Community leaders, activists and members gathered at the AEBU…

Heghnar Kherdian Paloian the Life of a 108 Year Old Genocide Survivor

Heghnar (Helen) Kherdian Paloian was one of the few survivors left of…

“Never Forget” Armenian Genocide Commemorative Billboards Campaign

By Heghine Gevorgyan Peace of Art, Inc. (www.peaceofart.org) continues its 2019 annual…

Minimalist and Incompetent Officials or the Gambler’s Ruin– 1

By Haro Mherian As a strictly Armenian Mathematician, it is not my…