Աւելի քան հինգ տարիներ անցած են այն օրէն երբ Պրն. Միսաք Քէլէշեան յայտնաբերեց Անթուրայի Սէն Ճոզէֆ Գոլէճի գերեզմանին մէջ թաղուած, ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Լիբանանի մէջ թրքացման ծրագրին ենթարկուած հայ որբուկներու դի-ակները: Միսաք Քէլէշեան կոչ ուղղած էր բոլորին որ այդտեղ յուշակոթող մը զետեղուի ի յիշատակ Անթուրայի անմեղ հայ որբուկներուն:
Այսօր, 5 տարիներ ետք, անոր կոչը ստացած է արժանավայել պատասխան:
Չորեքշաբթի, 22 Սեպտեմբերի 2010ին Լիբանանի Քըսըրուանի շրջանի Անթուրայի Սէն Ճոզէֆ Գոլէճին մէջ, Զուք Միքայէլ, տեղի ունեցաւ հայ որբուկներու գերեզմանի յուշակոթողի բացումը: Անթուրայի որբանոցին մէջ մահացած հայ որբերու աճիւնները ի վերջոյ ամփոփուեցան պատշաճ կերպով եւ անոնց յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողը ամրացուեցաւ: Այս գործի իրականացման ձեռնամուխ եղաւ Խաչատուրեան ընտանիքը: Խաչքարի եւ տապանաքարի բացման արարողութիւնը կատարեց Տիկ. Գոհար Խաչատուրեան եւ բոլոր հայ մայրերու անունով ան ըսաւ. “Հայ Մայրը իր ազգային պարտականութեան հաւատարիմ պիտի մնայ”:
Յուշակոթողի բացումէն ետք խօսք առին Պրն. Միսաք Քէլէշեան, Անթուրայի Սէն Ճոզէֆ Գոլէճի տնօրէն Հայր Անթուան Նաքատ, Շահէ Խաչատուրեան, Գոհար համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Սեպուհ Աբգարեան, Լորի Քէլէշեան եւ Արմէն Քէլէշեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ հոգեհանգստեան արարողութիւն Գոհար խումբի մասնակցութեամբ, որ եղաւ հայ որբերու եւ որբուհիներու հոգիներու խաղաղութեան համահայկական աղօթքի արտայայտիչը:
Հայապահպանման եւ ազգապահպանման ուղիին մէջ, այս խիստ կարեւոր իրագործումով, կրկին անգամ Միսաք Քէլէշեան, կողքին ունենալով իր տիկինը` Մայտան եւ երեք զաւակները, հայ ազգային եւ համաշխարհային պատմութեան մէջ կարեւոր հետք մը ձգեց եւ իր սուրբ նպատակին հասաւ, դառնալով ամէն մէկ հայ սրտի ձայնը եւ արձագանգելով աշխարհով մէկ:
Բոլորին վարձքը կատար:
Համադրեց` ԼԵՆԱ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

Prominent Armenian Oppositionist Released From Jail

YEREVAN — A well-known Armenian opposition figure was set free on Wednesday…

Armenia Rejects Idea of New ‘Road Map’ for Karabakh

YEREVAN — Armenian Foreign Minister Edward Nalbandian has reiterated Yerevan’s position that…

South Dakota Scientists Help Restore Water in Armenia

RESTON, VA — South Dakota-based scientists from the U.S. Geological Survey are…

Humanitarian Situation in Nagorno Karabakh Remains Tense – PM Pashinyan to President Putin

SOCHI—Russian President Vladimir Putin met with Armenian Prime Minister Nikol Pashinyan on…