Կիրակի, Սեպտեմբեր 19-ին Վանայ լիճի վրայ գտնուող Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ 95 տարուայ մէջ առաջին անգամ ըլլալով մատուցուեցաւ հայկական պատարագ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ սրբազան Աթէշեան գլխաւորութեամբ:
Հայկական աղբիւրներու համաձայն եկեղեցական արարողութեան ներկայ գտնուած են շուրջ հազար հոգի, որոնց մեծ մասը եղած են Պոլիսէն ժամանած հայեր: Պատարագին ներկայ եղած են նաեւ Թուրքիոյ մէջ հաւատարմագրուած օտար դիւանագիտական ներկայացուցիչներ եւ Վանի քաղաքապետը:
Եկեղեցին փոքր ըլլալով պատարագին մասնակցած է մօտ 50 հոգի, իսկ մնացեալները հետեւած են եկեղեցւոյ մօտ տեղադրուած 2 խոշոր պաստարներու վրայ: Կղզի վրայ ապահովութեան հսկած են 50 թուրք ոստիկաններ:
Նախապէս պատարագին մասնակցելու համաձայնութիւն տուած էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը: Սակայն վերջին շաբաթներու այդ որոշումը վերատեսութեան ենթարկուեցաւ, երբ յայտնի դարձաւ որ, եկեղեցւոյ գմբէթին խաչ տեղադրելու Թրքական կառավարութեան հաւաստիացումը կը ձգձգուի:
Պատմական պատարագի ընթացքին Արամ Արք. Աթէշեան ելոյթ ունենալով հայերուն և թուրքերուն եղբայրութեան կոչ է ըրած է:
Կղզի ժամանած հաւատացեալներէն ոմանք ձեռքներին փայտէ պատրաստուած խաչեր ունեցած են ունեցած են, ի նշան եկեղեցւոյ գմբէթին խաչ չտեղադրուելուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

UC Santa Cruz Student Government Unanimously Passes Genocide Recognition Resolution

SANTA CRUZ, CA – On Tuesday May 24th, the student government at…

The Armenian Constitutional Court In Crisis

The Constitutional Court of Armenia, which is considered the last “fortress” of…

Armenia and Iran Reach Agreements on Closer Military Cooperation

YEREVAN (RFE/RL) — An Armenian deputy defense minister in charge of arms…

Former Deputy Defense Minister: Armenia’s Enemies are Behind October 27 Tragedy

YEREVAN (News.am) – The October 27 crime was immediately solved in formality,…