Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ, այսօր յետ միջօրէի ժամը 3-ին, ժողովրդային հաւաքով կը նշուի Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Քսան անմահ կախաղաններու նահատակութեան 98 ամեակը: 1915 թուականի Յու նիս 15-ին, գրեթէ իր տեսքով անփոփոխ մնացած հրա պարա կին վրայ կախաղան բարձրացան Հնչակեան կուսակցութեան քսան ղեկավարներ, որոնք իրենց գաղափարախօսութեամբ ու աշխատանքով հիմը դրած էին ազատ, արդար եւ ընկերվարա կան շրջանակի: Անոնց նահատակութենէն 98 տարիներ ետք, խումբ մը թուրք գործիչներ իրենց պարտականութիւնը համարած են յիշել Հնչակեան ղեկավարներուն աւանդը եւ մեծարել անոնց` մարդկային արժէքներու ապահովման ուղղութեամբ տարած պայքարը:

Պայազիտ հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք ձեռնարկը մաս կը կազմէ Քսաններու յիշատակի ոգեկոչման ընդհանուր ծրագրին, որուն առաջին հանգրուանը` Ճեզայիր կեդրոնին մէջ կազմակերպուած երեկոյթն էր:
Ներկայութեամբ թուրք, հայ եւ օտար մասնակիցներու, Ճեզայիրի սրահին մէջ հաւաքուած ներկաները զրուցեցին եւ քննարկեցին քսաններուն եւ անոնց կուսակցութեան` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան գաղափարախօսութեան, աշխատանքերուն եւ պայքարի ուղեգիծին մասին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ նախաձեռնող մարմնի անդամ Ֆիրտեւս Փերիլօլուն, որ ներկայացուց հանդիսութեան նպատակը, քսան կախաղաններու պատմականը, ինչպէս նաեւ մասնակից բանախօսները: Անոր խօսքը ընդմիջեց ներկաներէն մէկը եւ խնդրեց, որ բոլորը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեն քսան յեղափոխականներուն յիշատակը: Այդպէս ալ պատահեցաւ:
20-istanbul3Յայտնի մտաւորական եւ հրապարակիչ Ռակըփ Զարաքօլու մանրամասնօրէն ներկայացուց Հնչակեան կուսակ ցութեան կարեւոր ներդրումը` Օսմանեան կայսրութեան մէջ ընկերվարական շարժումի ձեւաւորման հարցին մէջ: ՙԿուսակցութեան առաջնորդներէն Փարամազը շատ հետաքրքիր կերպար էր եւ խիստ կարեւոր դերակատարութիւն ու ազդեցութիւն ունեցած էր Օսմանեան կայսրութեան ընկերվարակա շարժումի ձեւաւորման գործին մէջ: Ան մեծ ազդեցութիւն ձգած է ոչ միայն օսմանեան ընկերվարականներու, այլ նաեւ հայ համայնքի վրայ՚, ըսաւ մտաւորականը: Զարաքօլու յիշեցուց, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ առաջին ցոյցը կազմակերպուած էր Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ` Գում Գափուի մէջ:

Բանախօս Մասիս Քիւրքճիւկիլ ներկայացուց Օսմանեան կայսրութեան` վերջին տասնամեակներուն վարած քաղաքականութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան իրականացումը, Օսմանեան պետութեան բացասական վերաբերմունքը քաղաքական կուսակցութիւններուն, յատկապէս` ձախակողմեան քաղաքական ուժերուն նկատմամբ:

Հանդիսութեան ընթացքին, Ֆիրտեւս Փերիլօլու ընթերցեց հանդիսութիւնները նախաձեռնողներէն Սարգիս Հացպանեանի ուղերձը, որուն մէջ Հացպանեան կը կարեւորէ քսաններու առաքելութիւնը: Ան արդէն քանի մը տասնամեակի հնարաւորութիւն չունի այցելել Թուրքիա, հետեւաբար չէր կրցած մասնակցիլ հանդիսութիւններուն:

Թուրք յայտնի ընկերվարական գործիչ Մուսթաֆա Քահիա խիստ քննադատեց ոչ միայն Օսմանեան կայսրութիւնը, այլ նաեւ հանրապետական Թուրքիան, Ցեղասպանութիւնը իրականացնելու եւ այդ փաստը ժխտելու համար: Անոր խօսքով, ժխտումի պատճառաբանութիւնները եւ թեզերը բոլորովին դատարկախօսութիւն են եւ ստոր կեղծիք: Քահիա Թուրքիոյ կոչ ուղղեց առերեսուիլ իր պատմութեան հետ, ճանչնալ Ցեղասպանութեան փաստը եւ ներողութիւն խնդրել հայերէն: Անոր խօսքով, անհրաժեշտ է հայ սերունդներուն Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն ստանալու հնարաւորութիւն տալ եւ վերականգնել անոնց իրաւունքները: Քահիա նաեւ կարեւորեց Փարամազի եւ Հնչակեան կուսակցութեան դերը, Օսմանեան կայսրութեան ու հանրապետական Թուրքիոյ մէջ ընկերվարական գաղափարախօսութեան հաստատումի ու տարածումի հարցին մէջ:

Բանախօսներու ելոյթներէն ետք, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ուղերձը ընթերցեց կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Ընկ. Ալէքսան Քէօշկէրեանը (ուղերձը կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ): Ան մեծապէս ողջունեց նախաձեռնող խմբակին մտայղացումը եւ կոչ ուղղեց զարգացնելու յարաբերութիւնները, յանուն մարդկային արժէքներու յաղթանակին: Ընկ Քէօշկէրեանի ուղերձը արժանացաւ ներկաներու բուռն ծափողջիւններուն եւ գնահատանքին:

20-istanbul5Հանդիսութեան աւարտին, իրենց տպաւորութիւնները ներկայացուցին շատ մը ներկաներ: Անոնք մասնաւորապէս գնահատեցին Հնչակեան կուսակցութեան անցեալի ու ներկայի գործունէութիւնը, մասնաւորապէս ողջունելով կուսակցութեան անմիջական մասնակցութիւնը` Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն:

 

 

20-istanbul220-istanbul12

20-istanbul14

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

Umit Kurt to Examine Armenian Genocide Perpetrators in City of Aintab in NAASR Lecture

BELMONT, MA — Dr. Umit Kurt, currently a Post-Doctoral Fellow at the…

AGMI Presents Four New Publications on Armenian Genocide

YEREVAN — As part of the events dedicated to the 100th anniversary…

PM Pashinyan Congratulates President Emmanuel Macron on Re-election

YEREVAN — Armenian Prime Minister Nikol Pashinyan has congratulated Emmanuel Macron on…

Armenia, Cyprus Sign Action Plan on Defense Cooperation

NICOSIA (armradio) — Defense Ministers of Armenia and Cyprus Vigen Sargsian and…