Սուրիոյ մէջ աւելի քան 17 ամիսներու իրադարձութիւնները վերջին շաբաթներուն հասած են աղէտալի զարգացումներու ու անոնց ահաւոր հետեւանքները ծանօթ են բոլորիս£ Երկիրը զինեալ դէպքերու կրակէ օղակին մէջ բռնած կացութենէն գլխաւոր տուժողն է անմեղ բնակչութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ հայ համայնքը:
Սուրիոյ Հայ համայնքը ունի դարաւոր պատմութիւն, եւ իր պատմական իրագործումներով, իւրայատուկ տեղ ու ներդրում ունի հայկական գաղթաշխարհի պատմութեան մէջ: Յատկապէս Ցեղասպանութենէն ետք աւելի մեծ ծաւալ ստացած այս գաղութը, հայավայել աշխատանքով ու ջանասիրութեամբ, ընդհանրապէս բարօր վիճակ կերտած է սեփական ընտանիքներու թէ ազգային կառոյցներու` եկեղեցիներու, դպրոցներու հաստատումով: Այսօր, ծանօթ իրադարձութեանց հետեւանքով, գաղութը մատնուած է տագնապալի վիճակի: Սուրիոյ մեր գաղութի կազմակերպութիւնները, հաւատարիմ` մեր ազգային նկարագիրին, արդէն նախաձեռնած են գաղութի կարիքներուն հասնելու ծրագրուած ու համադրուած հաւաքական աշխատանքին:
Ի տես ստեղծուած վիճակին, հայութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ, այլ կը մղուի գործի, կանգնելու համար Սուրիոյ հայութեան կողքին, պատրաստ է օգնութեան ձեռք երկարելու անոր:
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի հայութիւնը եւս մտահոգ է սուրիահայ տագնապով: Հայութեան աշխարհատարած ընտանիքին ոեւէ մէկ անդամին հասած վնաս` հաւասարապէս կը ցաւցնէ ընտանիքին բոլոր անդամները` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի: Հայավայել գիտակցութեամբ պատրաստակամ ըլլանք մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ աջակցելու մեր հայրենակիցներուն, ինչպէս որ օժանդակութեան ձեռք երկարած ենք Հայաստանին, Արցախին, Լիբանանի, Իրաքի եւ այլ տագնապահար գաղութներու:
Արդ, կոչ կþուղղենք շրջանիս հայութեան, որպէսզի ընդառաջէ Սուրիոյ հայութեան կարիքներուն եւ նուիրաբերէ ի խնդիր Սուրիոյ հայկական օճախին բարօրութեան պահպանման: Սուրիոյ Հայ գաղութը իր դարաւոր առաքելութիւնը կենսագործած է բարձրաճակատ, այսօր ալ կառչած կը մնայ իր օճախին, իրազեկ է, որ գաղթաշխարհի տարածքին ունի իր անփոխարինելի եւ անկորնչելի տեղն ու դերը, զոր պէտք է պահպանել միահամուռ կեցուածքով:
Այսու կը հաղորդենք մեր ազնիւ ժողովուրդին, որ կազմուած է “Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմին՚” մը:

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՊՍԿ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
ՎԵՐ. ՅՈՎՍԷՓ ՄԱԹՈՍԵԱՆ
Ս.Դ.Հ.Կ.
Հ.Յ.Դ.
ՌԱԿ
Հ.Բ.Ը.Մ
ՀՕՄ
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԸՆԿ.
15 Օգոստոս 2012

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

Armenian President Armen Sarkissian Announces His Resignation

President Armen Sarkissian has announced his resignation. The President has issued a…

PM Pashinyan Meets with Newly Elected President of Artsakh

YEREVAN — Prime Minister Nikol Pashinyan received in Yerevan on Saturday the…

Report Claims $6.2 Billion Cash Outflow from Armenia Illegally

More than $6.2 billion was siphoned out of Armenia from 2002 through…

Armenia Fund Raises $1.1 Million During Emergency Artsakh Telethon

LOS ANGELES — Armenia Fund U.S. Western Region has announced that a…