Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Կլենտէյլէն եւ շրջակայ քաղաքներէն, ամէն տարիքի հայեր, սկսան խումբ առ խումբ ժամանել դալարագեղ եւ ծառազարդ զբօսայգին: Տասնեակ մը տաղաւարներ սկսած էին ցուցադրել տեղական եւ Հայաստանեան բազմազան արտադրութիւններ, արուեստի գործեր, ուտելիքներ, ըմպելիներ եւայլն: Ուշագրաւ էին մանուկներու հաճելի ժամանցին համար լարուած վրաններն ու այլ յարմարութիւնները: Հակառակ արտակարգ եւ մրցանիշ հաստատած անտանելի տաք օդին` բազմահազար հայորդիներ, ներկայ եղան փառատօնին, վայելելով տօնական մթնոլորտը:
Օրուան համակրելի հանդիսավարն էր հեռատեսիլի ծանօթ հաղորդավար Ստեփան Յովակիմեան: Ան իր բացման խօսքին մէջ, ողջունեց Հայաստանի անկախութեան 19րդ տարեդարձը զայն նկատեց հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մեծագոյն յաղթանակներէն մին:
Այնուհետեւ գործադրութեան դրուեցաւ օրուան պատշաճ յայտագիր մը: Ամերիկեան ծովուժին պատկանող Փասատինայի 23րդ վաշտի զինուորներու կողմէ կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւնը: Ապա Կլենտէյլ քաղաքի ՚High Schoolՙի երգչախումբը յաջողութեամբ կատարեց ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի քայլերգները, ղեկավարութեամբ Կլէյս Շէշտօն-Ուիլիամսի:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ ABC հեռատեսիլի 7րդ կայանի խօսնակ Սուպա Ռավինտրան: Ան նշեց որ բովանդակ աշխարհի հայեր տեսան 600 տարիներու իրենց երազի իրականութիւնը` պատուով եւ արեամբ կերտուած անկախութիւնը:
Փառատօնի կազմակերպիչ ՆՍՄՄ-ի ընկերային յանձնախումբի անունով ելոյթ ունեցաւ Հէրի Իւնէլ, շեշտելով անկախութեան նուաճման կարեւորութիւնը:
Հայ ժողովուրդի մեծ տօնը ողջունելով շնորհաւորական ելոյթներով հանդէս եկան Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետ Արա Նաճարեան, ԱՄՆ-ի երկրորդ մեծագոյն քաղաք Լոս Անճելըսի քաղաքապետական Խորհուրդի առաջին հայ անդամը` Փոլ Գրիգորեան, Գալիֆորնիոյ 43րդ ընտրաշրջանի երեսփոխան Մայք Կաթօ (որ այս առիթով հռչակագիր մը փոխանցեց կազմակերպիչ յանձնախումբին), ԱՄՆ-ի Գոնկրէսի անդամ Ատամ Շիֆ եւ Փասատինայի Քաղաքապետարանի անդամութեան յառաջիկայ ընտրութեանց թեկնածու` Խաչիկ Շահինեան:
Առանձնայատուկ վայելք մը եղաւ յայտագրի գեղարուեստական բաժինը: Յաջորդաբար ելոյթներ ունեցան Մէկի Թիւն մանկավարժուհիի խմբակը, ՚Լիլլիաՙ հայկական պարի համոյթը, Արծուն Պապախանեանն իր տուտուկի եւ զուռնայի խմբակով, ջութակահար` Ալէնը, աճպարար` Ժօրա Սարգիսեանը, ինչպէս նաեւ երգիչներ Սամուէլ Սահակեանը, Սագօն, Յարութ Յակոբեանը, Առնօն, Վաչէ Յակոբեանը, Սաշ եւ Գաբրին (անգլերէն), Արա Մարտիրոսեանը եւ Գաբօ Վիանգօն (Պոլիվիայէն` սպաներէն-հայերէն): Բոլորի ելոյթներն ալ ժողովուրդին կողմէ ընդունուեցան մեծ խանդավառութեամբ, արժանանալով ջերմ ծափահարութիւններու:
Ուշ երեկոյեան ժողովուրդը զբօսայգիէն տուն վերադարձաւ հայրենական յիշարժան օրուան մը բարձր տրամադրութիւն մը ապրած ըլլալու գոհունակութեամբ:
Այս առթիւ գնահատելի է Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ժրաջան վարչութիւնն ու յարակից երիտասարդական եւ կանանց օժանդակ մարմինները, ձեռնարկի հովանաւորներն ու աջակիցները, որոնք ամէն ճիգ ի գործ դրին յաջողութեամբ պսակելու այս հայրենանուէր եւ շնորհակալ աշխատանքը:
Կը յուսանք առաւել յաջողութեամբ պսակուած տեսնել յառաջիկայ տարուան փառատօնը, որ կը զուգադիպի Հայաստանի անկախութեան 20րդ տարեդարձին: