Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Չ’ընդունիր Խաղաղութեան Պայմանագիրը Սահմանադրութեան Փոփոխութեամբ Պայմանաւորելու Պաքուի Մօտեցումը․ Ռուբինեան

Հայաստան Չ’ընդունիր Խաղաղութեան Պայմանագիրը Սահմանադրութեան Փոփոխութեամբ Պայմանաւորելու Պաքուի Մօտեցումը․ Ռուբինեան

by MassisPost

Հայաստան չ’ընդունիր խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը նոր սահմանադրությեան ընդունմամբ պայմանաւորելու Ատրպէյճանի մօտեցումը եւ պատրաստ է համաձայնագիրը ստորագրելու այսօր։ Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին յայտնած է ԱԺ նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան։

«Մենք չենք ընդունում այդ մօտեցումը։ Մենք համարում ենք, որ որեւէ խոչընդոտ չկայ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման, եւ հէնց այսօր էլ պատրաստ ենք ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրը»,- ըսած է Ռուբինեան։

ԱԺ նախագահին խօսքով՝ նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու նախաձեռնութիւնը կը բխի Հայաստանի ներքին օրակարգէն։ Միաժամանակ ան չէ բացառած, որ անոր ընդունումը կրնայ նաեւ արտաքին քաղաքական հետեւանքներ ունենալ։

Ռուբինեան անդրադարձած է ընդդիմութեան հարցադրումներուն, թէ արդեօք սահմանադրութեան փոփոխութենէն յետոյ Ատրպէյճանը պիտի ստորագրէ խաղաղութեան պայմանագիրը եւ նոր նախապայմաններ չներկայացնէ։

Անոր խօսքով՝ իշխանութիւնը այդ հարցերը տրամաբանական համարած է, իսկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է անոնց շուրջ մտածելու եւ ընդդիմութեան առաջարկ ներկայացնելու մտադրութեան մասին։

«Եթէ յաւելեալ երաշխիքներ են պէտք, գուցէ արժի գնալ այդ երաշխիքների հետեւից՝ ձեր առաջ բերած օրակարգի հարցի շուրջ»,- ըսած է Ռուբինեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment