Հայաստանի նորակառոյց դպրոցական հաստատութիւններ աշակերտներու տեղափոխման նպատակով ձեռք բերուած են դպրոցական նոր փոխադրակառքեր:
«Կրթութեան որակեալ ծառայութիւնների հասանելիությեան ապահովման ծրագրի շրջանակում նորակառոյց դպրոցական հաստատութիւններ աշակերտների տեղափոխման նպատակով կ’ապահովուի ճանապարհների ենթակառուցուածքի լիարժէք պատրաստուածութիւնը եւ դպրոցական փոխադրակառքերի ծառայութիւնը»,- ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Ծրագրի շրջանակին մէջ հինգ բնակավայրերու համար յառաջիկային նշուած մեխանիզմները արդէն գործարկուած պիտի ըլլան: Նախատեսուած է, որ Արագածոտնի մարզի Գետափ բնակավայրի երեխաները պիտի յաճախեն Արագածաւանի թիւ 1 միջնակարգ դպրոց, Գեղարքունիքի մարզի Ծափաթաղ բնակավայրի երեխաները պիտի յաճախեն Ջիլի միջնակարգ դպրոց, Տաւուշի մարզի Աճարկուտ բնակավայրի երեխաները՝ Կիրանցի դպրոց, Տաւուշի մարզի Ակնաղբիւր բնակավայրի երեխաները՝ Լուսաձորի դպրոց, Արարատի մարզի Տիգրանաշէն բնակավայրի երեխաները՝ Պարոյր Սեւակի կրթահամալիր:
Հաղորդագրութիւնը կը մանրամասնէ՝ Գետափի դպրոցին մէջ կը սորվի 13 երեխայ: Մինչեւ Արագածաւան հեռաւորութիւնը 9,5 քմ է, ճանապարհին տեւողութիւնը՝ 11 վայրկեան: Ծափաթաղի դպրոցին մէջ կը սորվի 27 երեխայ: Մինչեւ Ջիլ հեռաւորութիւնը 10,6 քմ է, ճանապարհին տեւողութիւնը՝ 9 վայրկեան: Տիգրանաշէնի դպրոցին մէջ ներկայիս սորվող չկայ, 11 երեխայ կը յաճախէ Պարոյր Սեւակի կրթահամալիր: Մինչեւ Պարոյր Սեւակ հեռաւորութիւնը 4 քմ է, ճանապարհին տեւողությունը՝ 10 վայրկեան: Աճարկուտի դպրոցին մէջ կը սորվի 10 երեխայ: Մինչեւ Կիրանց հեռաւորութիւնը 2,8 քմ է, ճանապարհին տեւողութիւնը՝ 4 վայրկեան: Ակնաղբիւրի դպրոցին մէջ կը սորվի 42 երեխայ (որոնցմէ 6-ը՝ նախակրթարան): Մինչեւ Լուսաձոր հեռաւորութիւնը 5 քմ է, ճանապարհին տեւողութիւնը՝ 10 վայրկեան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանի, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի ու տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարին ուղեկցութեամբ ծանօթացած է փոխադրակառքերու պայմաններուն, անվտանգային չափանիշերուն։ Վարչապետը կարեւորած է երթեւեկությեան անվտանգութեան եւ երեխաները տեղափոխող վարորդներու որակաւորման, պատշաճ արտաքին տեսքի, ընդ որում՝ հագուստի ապահովումը։
Դպրոցներու խնդիրի արդիւնաւէտ լուծման՝ Կառավարութեան ծրագրի քննադատները կը շեշտեն այդ շարքին դրացի գիւղերու կրթօճախներ յաճախելու դժուարութիւնները երեխաներուն համար:

