Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերկէյ Սմբատեան ու անոր հայրը՝ Իսրայէլի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Արմէն Սմբատեանը կալանաւորուեցան, յայտնած են Գլխաւոր Դատախազութենէն։ Անոնք նախօրէին ձերբակալուած էին։
Հայր եւ որդի Սմբատեանները կը մեղադրուին առանձնապէս խոշոր չափերու խարդախութեան համար։
Ըստ Գլխաւոր Դատախազութեան՝ Սմբատեաններու գործողութիւններուն հետեւանքով պետութեան շուրջ մէկ միլիառ դրամի վնաս հասցուած է՝ Երեւանի Չայքովսքիի անուան երաժշտական դպրոցի 300 քառակուսի մեթր մակերեսով հողամասը յափշտակուած է։
Յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է նաեւ գործարար Արման Պետրոսեանը, որ եւս այս գործով մեղադրեալի կարգավիճակ ունի։